ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ՈՒԻԼԻԸՄԶ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումներ, յատկապէս` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ շեշտեց, որ պէտք է արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել լիբանանցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Ուիլիըմզ շեշտեց, որ կարելի չէ ներկայիս արաբական աշխարհին դիմագրաւած զգայուն կացութեան եւ արագ զարգացումներուն դիմադրել առանց կառավարութեան մը գոյութեան:
Անդրադառնալով արաբական հարցերուն` Ուիլիըմզ շեշտեց երկխօսութեան եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան


