ՌԱՍ ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Նիրաժ Սինկ շեշտեց, որ Ռաս Նաքուրայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը, որուն մասնակցեցան լիբանանեան բանակը, իսրայէլեան ուժերն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթայի:

Սինկ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծը պահպանելու քայլերը, ինչպէս նաեւ Ղաժար գիւղաքաղաքին հիւսիսային բաժինէն հեռանալու վերաբերեալ հարցեր:

Սինկ շեշտեց, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը զօրակցութիւն յայտնած են ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` շեշտելով, որ իրենք յանձնառու են ՖԻՆԻՒԼ-ին նկատմամբ ամբողջական գործակցութիւն ցուցաբերելու:

Սինկ ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա հաստատած է, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը բաւական հանդարտ է եւ կայուն, ինչպէս նաեւ աւելցուցած, որ երէկուան նիստին ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնները շինիչ էին եւ դրական:

 

 

Share this Article
CATEGORIES