ԺՈՄՊԼԱԹ ԴՐԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ԿԸ ՆՇՄԱՐԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ինք դրական քայլեր կը նշմարէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ` յատկապէս ներքին գործոց նախարարութեան հարցը լուծելու իմաստով:

Ժոմպլաթ մաղթեց, որ Հըզպալլայի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջնորդութիւնը արդիւնաւորուի` հաստատելով միաժամանակ, որ ինք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն շարքերը չէ վերադարձած` աւելցնելով, որ Լիբանան նոր հանգրուանի մը դէմ յանդիման կը գտնուի, մասնաւորապէս` Սուրիոյ դիմագրաւած հարցերուն պատճառով:

Ան հաւաստեց, որ իրենք կը փափաքին պաշտպանել Դիմադրութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի Դիմադրութեան եւ անոր զէնքին, որպէսզի իր հողերը պաշտպանէ իսրայէլեան յարձակումներէն ու բռնարարքներէն:

 

Share this Article
CATEGORIES