ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ԵՐԿԻՐԸ ՎՏԱՆԳՆԵՐԷ ՓՐԿԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքը:
Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ազգային եւ կրօնական հարցերը:
Նիստէն ետք Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց կազմելու պատասխանատու կառավարութիւն մը, որ կարենայ երկիրը հեռու պահել մտահոգիչ կացութենէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանին սպառնացող տնտեսական տագնապալի իրավիճակէն:
Խորհուրդը նկատել տուաւ, որ Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած միջքրիստոնէական հանդիպումը քաղաքացիներուն մօտ հանգստութիւն յառաջացուցած է` աւելցնելով, որ պէտք է ամրապնդել քիրստոնեայ համայնքին դերակատարութիւնը` կերտելու համար պարկեշտ ընկերութիւն, որուն հիմքերն են սէրն ու մարդ անհատին նկատմամբ յարգանքը:
Մարոնի եպիսկոպոսները յոյս յայտնեցին նաեւ, որ այսօր Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր վեհաժողովը նոր առիթ մը ըլլայ ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը: