ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Անդրադարձ` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի միջեւ հանդիպումին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Մուսթաքպալ», «Անուար», «Սատա Պալատ», «Պայրաք», «Շարք», «Լիուա» եւ «Լ՛Օրիան լը Ժուր» օրաթերթերը):

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ սուրիական իշխանութիւններուն դէմ կատարուած յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան Սուրիոյ մէջ արձանագրուած դէպքերը համազօր կը նկատէ 16 մարտ 1988-ին Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի կողմէ Հալաժա գիւղաքաղաքին մէջ քիւրտերուն դէմ գործուած սպանդներուն:

– Լրատուութիւն` արաբերէնով պատկերասփռումներ կատարող «Թուրքիյա» թրքական պատկերասփիւռի կայանի Ա. տարեդարձին նշումին մասին, որ տեղի ունեցաւ «Քորալ Պիչ» պանդոկին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի:

«ՍԱՖԻՐ»

– Յօդուած` Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտերուն պահանջներուն, ինչպէս նաեւ  Թուրքիոյ մէջ ամիս մը ետք տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ անոնց քուէներուն ունենալիք ազդեցութեան մասին:

«ՈՒՍՊՈՒՀ ԱՐԱՊԻ»

– Շաբաթաթերթը լոյս ընծայած է յօդուած մը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ թրքական իշխանութեան ունենալիք դիմագիծին մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES