ՊԸՐՐԻ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԻՋՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Պըրրի` երէկուան խորհրդարանական հանդիպումին մասնակցած կարգ մը երեսփոխաններու հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ծիրին մէջ ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու բուռն փափաք կայ եւ մեծ ջանքեր ի գործ կը դրուին այդ առումով:

Պըրրի նշեց, որ կառավարութիւնը կազմելու իմաստով յստակ ու շօշափելի զարգացումներ կան եւ կարելի է ըսել, թէ այդ հոլովոյթը աւելի դրական մթնոլորտի մէջ կը գտնուի:

Միւս կողմէ, Պըրրի ողջունեց միջպաղեստինեան հաշտութիւնը եւ այս առումով ան հեռագիր մը յղեց Պաղեստինեան իշխանութեան օրէնսդիր խորհուրդի նախագահ Ազիզ Տուէյքի:

Հեռագիրին մէջ ան ընդգծեց պաղեստինեան ազգային միասնականութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ ազգային միասնականութիւնն է միակ զէնքը, որով կարելի է դիմադրել թշնամի Իսրայէլին:

 

Share this Article
CATEGORIES