Ժեմայէլ Այցելեց Ռայի Պատրիարքին
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն յանգելու համար համախոհական ընտրական օրէնքի մը` ցաւ յայտնելով, որ ընտրական օրէնքի խորհրդարանական ենթայանձնախումբը այդ իմաստով որոշ արդիւնքի մը չէ յանգած:
Ժեմայէլ մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Միւս կողմէ, Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլայի վարուելակերպը Լիբանանի շահերուն եւ երկրին ապահովական կայունութեան չի ծառայեր` աւելցնելով, որ Հըզպալլա համաձայնութիւն յայտնած է «Պաապտայի յայտարարութեան», սակայն անոր վարուելակերպը կը հակադրուի այդ յայտարարութեան կէտերուն: «Ո՞ւր է չէզոք կեցուածքը», հարց տուաւ Ժեմայէլ եւ կոչ ուղղեց Հըզպալլային գիտակցելու իր քայլերուն եւ օտար պետութիւններուն ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու: