Կառավարութիւնը Յետաձգեց Երէկուան Իր Նիստը
Նախարարաց խորհուրդը երէկ յայտնեց, որ երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ գումարուելիք իր նիստը յետաձգուած է:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներու ֆինանսաւորումը սերտող նախարարական յանձնախումբի նիստին:
Նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն իր վաւերացումին` աւելցնելով, որ իրենք կը փորձեն առաջքը առնել այդ վաւերացումին եւ տրուելիք յաւելումներուն ունենալիք հետեւանքներուն:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ այդ հարցը կառավարութեան եւ տնտեսական խորհուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հարց մը չէ, այլ` զուտ ընկերային բնոյթի հարց մըն է:
«Այդ յաւելումները կատարելու համար անհրաժեշտ է ապահովել բաւարարաչափ ներածումներ եւ պատճառ չդառնալ, որ անիկա վերածուի պետական գանձարկղին մէջ ստեղծուած նիւթական բացի», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք չի կրնար անտեսել իրեն ուղղուած կոչերը եւ լաւ սերտել հաշիւները` նախքան վերջնական քայլի դիմելը:
Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ կառավարութեան կողմէ մշակուած ընտրական օրինագիծին, որ ներկայացուած է խորհրդարանին` աւելցնելով, որ իբրեւ քաղաքական անձնաւորութիւն, ինք կը մերժէ 1960-ի ընտրական օրէնքը: Ան անհրաժեշտ նկատեց սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտներու յարգումը:
Քսայրի բախումներուն Հըզպալլայի անդամներուն մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ բոլոր կողմերը կառչած մնան չէզոք քաղաքականութեան:
Իր հրաժարականին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի ըսաւ, որ նիստին ընթացքին այդ մասին ակնարկութիւններ լսած են ու լաւապէս խնդացած:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի յորդանանեան պատկերասփիւռի կայանի մը հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ կառավարութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքը եղած է ամէնէն դժուար որոշումը: Ան շեշտեց, որ այդ որոշումը տրուած ատեն Լիբանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ էր եւ Ապահովութեան խորհուրդը կը փափաքէր Սուրիոյ հարցով բանաձեւ մը հրապարակել, հետեւաբար Լիբանան չէզոք մնաց, որովհետեւ եթէ Լիբանան դէմ քուէարկէր, ապա միջազգային ընտանիքին դէմ կեցած պիտի ըլլար:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով: Միքաթի մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը վերջ գտնէ:
ՆՇԵՆՔ, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գործադրէ բաց գործադուլ մը, որուն ընթացքին կեդրոնական նստացոյց մը պիտի կատարուի Կեդրոնական Պէյրութի դրամատուներու փողոցին մէջ եւ հոնկէ քայլարշաւ մը պիտի ընթանայ դէպի վարչապետարան:
Խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին հանդիպում մը պիտի ունենայ վարչապետ Միքաթիի հետ: