Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Մշակելու Ընտրական Արդիական Օրինագիծ Մը

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը Լիբանանի ազգային շահերը նկատի ունենան եւ նպատակադրեն երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել:

Նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ պահպանուի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը` հեռու մնալով համայնքային եւ յարանուանական ամէն տեսակի կողմնակալութենէ, որովհետեւ անիկա երկրի սահմանադրութեան խախտում է, ինչպէս նաեւ կը ցնցէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց մշակելու արդիական ընտրական օրէնք մը, որ ճշգրիտ եւ արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ եւ ընտրական նեղլիկ շահերու չ՛ենթարկուիր:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Արսալի շրջակայքը տիրող պայմանները, նկատի ունենալով այդ շրջանին մէջ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` ձերբակալելու համար Արսալի միջադէպին յանցագործները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ Ռոժէ Տիպ եւ Եուսեֆ Սալամէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )