Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Համաձայն Գտնուեցան Երեսփոխաններուն Թիւը 128-էն 134-ի Բարձրացնելու

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանները` վերջ տալով կառավարութեան հետ նոյն ժողովին ներկայ գտնուելու առումով իրենց յայտարարած պոյքոթին:

Նիստին ընթացքին ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ միացեալ յանձնախումբերուն ներկայացուց ենթայանձնախումբին տեղեկագիրը, որմէ ետք սկսաւ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին քննարկումը:

Նախքան քննարկումի սկսիլը, խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ լիբանանցիները որքան իրարմէ հեռանան, այդքան աւելի դժուար պիտի ըլլայ երկրին սպառնացող մարտահրաւէրներուն դիմագրաւումը:

Ան շեշտեց, որ քուէատուփերու պայքարը պէտք է ծառայեցնել Լիբանանի շահերուն: «Եթէ մենք բոլորս չհամաձայնինք, ապա Լիբանանը վտանգի պիտի ենթարկուի», ըսաւ Պըրրի:

Պըրրի ողջունեց Մուսթաքպալի երեսփոխանները` շեշտելով, որ խորհրդարանին մէջ անոնց ներկայութիւնը ողջունելի է:

Միւս կողմէ, Պըրրի լիբանանեան օրաթերթերէն մէկուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած էր, թէ ինք համոզուած է, որ տակաւին կարելի է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

Իր կարգին, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի մերժեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը` հաստատելով, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակածը օրինագիծ կոչուելու իսկ արժանի չէ:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը Լիբանանը վտանգի կ՛ենթարկէ:

Նշենք, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ իրենք սակարկութեան նիւթ պիտի չդարձնեն Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը:

Երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու առումով:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ պաշտպանեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

Կէսօրէ առաջուան նիստէն ետք խորհրդարանին մէջ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Մուսթաքպալի երեսփոխաններուն ներկայութեան խորհրդարանին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն շրջագիծին մէջ շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը հակասահմանադրական է եւ կը հակադրուի լիբանանեան ազգային համերաշխութեան սկզբունքին հետ, իսկ ազգային համերաշխութիւնը Լիբանանի գոյութեան սիւներէն մէկն է:

Սինիորա ըսաւ, որ կարելի է քննարկումները շարունակել` յանգիլ կարենալու համար նոր օրէնքի մը, որուն շուրջ համաձայն կը գտնուին լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը:

Իր կարգին, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան պատասխանելով Մուսթաքպալի «յարձակում»-ին ըսաւ, որ պէտք է ներդաշնակ եւ համոզուած ըլլալ, որ խորհրդարանը այսօր կ՛ուղղուի քննարկելու Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը եւ ապա քուէարկութեան ենթարկելու զայն, որովհետեւ այդ օրինագիծը կ՛ապահովէ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնն ու իսկական հաւասարութիւնը:

Քանաան յայտնեց, որ ոչ ոք պէտք է համայնքային կամ յարանուանական սադրանքներու նախաձեռնելով ամբաստանէ զիրենք, որովհետեւ նախապէս` 23 տարուան ընթացքին գործադրուած ընտրական օրէնքներն են, որոնք քաղաքական կեանքէն իրենց բացակայութեան ընթացքին կատարած են այդ բոլորը:

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երեկոյեան ժամը 6:30-ին գումարեցին իրենց երկրորդ նիստը:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ երեկոյեան նիստին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ անոնք, որոնք այսօր Ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծին կառչած կը մնան, Պքերքէի հանդիպումին ընթացքին մերժեցին զայն:

Նիստին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին նաեւ երեսփոխաններ Մոհամետ Հաժժար, Խտըր Հապիպ, Քասեմ Ապտել Ազիզ եւ Ամին Ուեհպէ, որոնք մերժեցին Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը:

Աւելի ուշ կէտ առ կէտ քուէարկութիւն կատարուեցաւ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծին շուրջ: Օրինագիծին շրջագիծին մէջ կարելի եղաւ թեր քուէարկել խորհրդարանի անդամներուն թիւը 134-ի բարձրացնելու կէտին` հաւանութիւն յայտնելով այս գծով Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի առաջարկին: Այսպիսով, խորհրդարանական նորաստեղծ աթոռները պիտի բաժնուին հետեւեալ ձեւով` 2 ասորի կամ փոքրամասնութիւն, 1 յոյն կաթողիկէ, 1 սիւննի, 1 տիւրզի եւ 1 շիի:

Նիստին ընթացքին, երբ միացեալ յանձնախումբերը կը քննարկէին օրինագիծին երկրորդ կէտը, Մուսթաքպալ պլոքին երեսփոխանները վերապահութիւն արտայայտեցին անոր գծով` նշելով, որ օրինագիծը ամբողջ այդ մէկ կէտին մէջ կը խտանայ:

Նշենք, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստերը պիտի երկարին մինչեւ յառաջիկայ հինգշաբթի, 21 փետրուար:

Share this Article
CATEGORIES