Մինսքի Խմբակին Հետ Նոր Հանդիպում Կը Նախապատրաստուի, Հաւանաբար Դարձեալ Փարիզի Մէջ

Ժաք Ֆոր

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան news.am-ի եւ «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան թղթակիցներուն հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները մտադիր են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումէն ետք այցելել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի:

«Համանախագահներուն հետ նոր հանդիպում մը կը սպասուի: Թերեւս անիկա կայանայ Փարիզի մէջ, որմէ ետք ծրագրուած է համանախագահներուն այցելութիւնը», նշած է նախարարը:

Դարձեալ Հանդիպելու Առաջարկը

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Ժաք Ֆորը, կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն առաջարկած են դարձեալ Փարիզի մէջ հանդիպիլ:

Համանախագահները առաջարկած են, որ հանդիպումը տեղի ունենայ յաջորդ շաբաթ: Ֆոր ըսած է, որ այդ հանդիպումը կը ծրագրուի կատարել նախքան համանախագահներու` շրջան այցելութիւնը:

«Մենք այդպիսի առաջարկ ներկայացուցած ենք կողմերու եւ այժմ կը սպասենք պատասխանի: Կը ծրագրուի, որ այդպիսի հանդիպում տեղի ունենայ յառաջիկային, հաւանական է` յաջորդ շաբաթ Փարիզի մէջ», մասնաւորաբար ըսած է Ֆոր:

Ան նաեւ մանրամասնած է, որ ըստ համանախագահներու ծրագրերուն, նախ ատիկա պիտի ըլլայ հանդիպում Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ առանձին-առանձին, ապա` 3+2 ձեւաչափով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )