Ըստ Նախնական Արդիւնքներուն Սերժ Սարգսեան Ստացաւ Քուէներուն 58 Առ Հարիւրը, Իսկ Րաֆֆի Յովհաննիսեան` 32 Առ Հարիւրը

Երէկ Հայաստանի նախագահական ընտրութեան աւարտէն ետք «Կոլլըփ» կազմակերպութեան կատարած էքզիթ փոլին իբրեւ արդիւնք, ընտրութեան նախնական տուեալներով նախագահ Սերժ Սարգսեան ստացած էր քուէներուն 58 առ հարիւրը, իսկ Րաֆֆի Յովհաննիսեան` 32 առ հարիւրը: Զանազան կայքէջեր եւ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը պարբերաբար կը հրապարակէին տարբեր տուեալներ: Ըստ elections.am կայքէջին, այսօր առաւօտեան ժամը 1:00-ի տուեալներով Սերժ Սարգսեան ստացած էր քուէներուն 60.99 առ հարիւրը (477,407 քուէարկող), իսկ Րաֆֆի Յովհաննիսեան` 34,34 առ հարիւրը (268,768 քուէարկող): Ընտրութեան մասնակցեցաւ քուէարկողներուն 60,05 առ հարիւրը` 1,518,407 հոգի:

Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին բացուեցան ընտրատեղամասերը` կատարելու համար Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնը. քուէարկութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 20:00:

Քուէաթերթիկներուն վրայ ընդգրկուած էին 7 թեկնածուներու անուններ` Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազատութիւն կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան, Ազգային ինքնորոշում միաւորման առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեան, «Ռատիօ հայ»-ի տնօրէն, քաղաքագէտ Անդրէաս Ղուկասեան, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին արտաքին գործոց նախարար Արման Մելիքեան, Հայաստանի գործող նախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Սերժ Սարգսեան, ոչ մէկ տեղ աշխատող եւ իբրեւ դիւցազնագէտ ներկայացող Վարդան Սեդրակեան:

Սահմանադրութեան համաձայն, նախագահ կ՛ընտրուի այն թեկնածուն, որուն թեր կը քուէարկեն բոլոր թեկնածուներուն թեր քուէարկած ընտրողներու թիւին կէսէն աւելին:

Ոստիկանութեան հրապարակած տուեալներով, Հայաստանի ընտրողներուն թիւը 2,505,980 է:

Հայաստանի նախագահը կ՛ընտրուի հինգ տարուան ժամկէտով:

Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

Հայաստանի գործող նախագահ, նախագահի թեկնածու Սերժ Սարգսեան եւ անոր տիկինը` Ռիթա Սարգսեան երէկ քուէարկեցին Երեւանի Սպենդեարեանի անուան թիւ 24 դպրոցին մէջ տեղակայուած ընտրատեղամասին մէջ:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ յանուն ինչի՞ քուէարկած է, Սերժ Սարգսեան յայտնեց. «Քուէարկած եմ Հայաստանի ապագային համար, քուէարկած եմ ապահով Հայաստանի համար, մեր քաղաքացիներու եւ մեր ընտանիքներու ապահովութեան համար»:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի այն հարցումին, որ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ընտրութիւններուն ընթացքը եւ արդեօք ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարելու իր յորդորները տեղ հասա՞ծ են, Սերժ Սարգսեան նշեց, որ ատիկա յստակ կը դառնայ, երբ ընտրութիւններուն արդիւնքները յայտարարուին:

Հայաստանի նախագահի թեկնածու, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, նախկին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեան սովորութեան համաձայն, քալելով, ճամբան հանդիպած մարդոց բարեւելով հասաւ Երեւանի Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի թիւ 157 միջնակարգ դպրոցի շէնքին մէջ տեղակայուած ընտրատեղամաս:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ի՞նչ ակնկալիքներով իր ընտրութիւնը կատարած է, նախագահի թեկնածուն յայտնեց, որ արդէն յստակ կը դառնայ, որ Հայաստան եւ Հայաստանի ժողովուրդը կը նշէ իր ոգիի եւ ճշմարտութեան արշալոյսը: «Մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ օրն է այսօր եւ ասիկա այն օրն է, երբ ժողովուրդը վերջապէս` 20 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, պիտի նշէ ոչ թէ որոշ մէկուն յաղթանակը եւ միւսին պարտութիւնը, այլ` իրեն պատկանող ընտրութեան արդիւնքը, առաջին անգամ ըլլալով»:

Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ ինք կ՛ողջունէ բոլոր թեկնածուները, յաջողութիւն կը մաղթէ անոնց: Ըստ անոր, շատ մրցունակ պայքար եղած է, բայց բոլորին համար յստակ է, որ ժողովուրդը կողմնորոշուած է յաղթանակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման օգտին:

«Ես նախ եւ առաջ կը դիմեմ հիմնական մրցակիցիս` շատ յարգարժան գործող նախագահ Սարգսեանին, աւելի հերոսական, քան այն մեծ աւանդը, որ ինք ունեցած է արցախեան ազատամարտին մէջ, պիտի ըլլայ ժողովուրդի յաղթանակի իր ընդունումը: Ատիկա մեծագոյն պետական, ազգային եւ քաղաքացիական ինքնագնահատականը պիտի ըլլայ եւ յարգանքը ժողովուրդին նկատմամբ», յայտնեց Յովհաննիսեան:

Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ քարոզարշաւը չէ եղած հաւասար, անազատութեան եւ անարդարութեան էական, համակարգային խնդիրներ եղած են եւ ան ողջունեց լրագրողներու մասնակցութիւնը իր կողքին, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ իսկապէս հաւասար մուտք եղած է դէպի տեղեկատուական դաշտ:

Նախագահի թեկնածու Հրանդ Բագրատեան քուէարկեց Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ տեղակայուած դպրոցին մէջ:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին` նախագահի թեկնածուն յայտարարեց, որ մտահոգուած է ընտրախախտումներու, իշխանութիւններու օգտին ընտրակաշառք բաժնելու մասին բազմաթիւ ահազանգներով: Ան իբրեւ օրինակ  նշեց Ստեփանաւանէն ընտանիքներ բերելու փաստը:

Բագրատեան չցանկաց պարտուելու մասին խօսիլ, սակայն յայտնեց, որ հիասթափուած է:

Պատասխանելով յետընտրական զարգացումներուն մասին հարցումին` Բագրատեան յայտնեց, որ ոչինչ կը բացառէ, որոնց շարքին նաեւ հանրահաւաքները: Ան շեշտեց, որ պէտք է արդար ընտրութիւն ըլլար` ով որ պիտի յաղթէր, յաղթէր:

Հրանդ Բագրատեան յայտարարեց, որ կը քուէարկէ «Նոր Հայաստանի» օգտին: «Կը կարծեմ, որ այն Հայաստանը, որ մենք ունինք վերջին տարիներուն, ինքզինք սպառած է բոլոր առումներով», ընդգծեց ան:

Շուրջ 1800 տեղամասերէն Բագրատեան կը վստահի աւելի քան 1200 տեղամասերու մէջ գտնուող անձերու:

Ինչ կը վերաբերի ընտրատեղամասային յանձնախումբերու անդամներուն, որոնք կը ներկայացնեն Հայ ազգային քոնկրեսը, Բագրատեան յայտնեց, որ անոնց հետ համագործակցութիւնը մասնակի է:

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան քուէարկեց Երեւանի Լեւոն Շանթի անուան դպրոցին մէջ տեղակայուած ընտրատեղամասին մէջ իր ընտանիքին` տիկնոջ, դստեր եւ երկու որդիներուն հետ:

Վարչապետը յայտնեց, որ ընտրութիւնները հանդարտ ընթացքի մէջ են եւ բոլոր այն դիտողութիւնները եւ առաջարկները, որոնք կը կատարուին, բնականաբար կը գտնուին իրենց ուշադրութեան տակ: Ըստ վարչապետին, իրաւապահ մարմինները իրենց լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ պիտի իրականացնեն բոլոր անհրաժեշտ գործառոյթները, որպէսզի կասկած չմնայ, որ ընտրութիւնները անցած են ազատ, թափանցիկ, առանց խախտումներու:

Հայաստանի առաջին նախագահ, Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան երէկ քուէարկեց «Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան»: Տէր Պետրոսեան քուէարկեց այն նոյն ընտրատեղամասին մէջ, ուր աւելի կանուխ քուէարկած էր գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ուշագրաւ է, որ առաջին նախագահի քուէարկութեան ժամը մինչեւ վերջին պահը գաղտնի պահուեցաւ: Հայ ազգային քոնկրեսը կը մերժէր յստակ ըսել, թէ ի վերջոյ Տէր Պետրոսեան պիտի քուէարկէ՞ թէ՞ ոչ: Սակայն Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավարը ժամանեց Սպենդեարեանի դպրոց եւ քուէարկութենէն ետք կատակեց, որ ափսոս օրէնքը թոյլ չի տար, հակառակ պարագային միեւնոյն ժամանակ եօթը թեկնածուներու օգտին կը քուէարկէր, որովհետեւ բոլորն ալ արժանի են:

Տէր Պետրոսեան հակաքարոզչութենէն խուսափելու նպատակով մերժեց որեւէ գնահատական տալ Սերժ Սարգսեանի «Դէպի ապահով Հայաստան» նախընտրական կարգախօսին:

Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, որ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Հայ ազգային քոնկրեսի գործիչներուն նախաձեռնութիւնը, որուն համաձայն անոնք ընտրողներուն կոչ կ՛ուղղեն քուէաթերթիկը անվաւեր դարձնել, առաջին նախագահը նշեց, որ ատիկա ալ քաղաքացիին իրաւունքն է:

«Սահմանադրութեան մէջ ատիկա արգիլուած չէ: Ես ամէն ինչին համաձայն եմ, եթէ արգիլուած չէ, չէք կրնար բռնութիւն բանեցնել վրաս», ըսաւ ան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ նախագահական ընտրութիւններուն քուէարկելէն ետք նշեց, որ քուէարկած է, որպէսզի յառաջիկայ տարիները Հայաստանի համար յաջողութեան տարիներ ըլլան տարբեր ասպարէզներուն մէջ` ի բարօրութիւն, ի շահ Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան:

Հայաստանի նախագահի թեկնածու Վարդան Սեդրակեան եւս կատարեց իր քաղաքացիական պարտքը:

Թեկնածուն լրագրողներուն յայտնեց, որ իր յաղթանակին կը սպասէ: Սեդրակեան վիրաւորուեցաւ, երբ լրագրողները իրեն հարցուցին, թէ որուն օգտին քուէարկած է, եւ մերժեց պատասխանել այլ հարցումներու: Սեդրակեան լրագրողներուն յորդորեց, որ քիչ մը լուրջ ըլլան:

Երէկ առաւօտեան Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւս այցելեց Էջմիածին քաղաքի ընտրական տեղամաս եւ մասնակցեցաւ Հայաստանի նախագահի ընտրութեան քուէարկութեան:

Հայաստանի նախագահի թեկնածու, Ազգային ինքնորոշում միաւորման Պարոյր Հայրիկեան քուէարկելէ ետք նշեց, որ ան իր ընտրութիւնը կատարած է այն Հայաստանի համար, որ կը փորձէր ներկայացնել քաղաքացիներուն: Անիկա կրնայ նաեւ քաղաքացիներու աջակցութեամբ իրականութիւն դառնալ: Անիկա ժողովուրդին պատկանող Հայաստանն է: Ես կը ցանկամ, որ Հայաստան դառնայ աշխարհի բացառիկ երկիրներէն մէկը», ընդգծեց ան:

Ընտրութիւններու աւարտէն ետք, ահազանգ ստանալով Գիւմրիի 34/36 տեղամասին մէջ իրականացուող խախտումներուն մասին` Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան, գտնուելով Գիւմրիի մէջ, շտապեց նշուած ընտրատեղամաս եւ արձանագրեց խախտումը: Նոյն տեղամասը նաեւ այցելեց Ազգային ժողովի Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Սուքիաս Աւետիսեան:

«Երկիր» կը հաղորդէ, որ երկու պատգամաւորներուն միջեւ վէճ ծագած է: Իբրեւ արդիւնք` Ռուբէն Յակոբեան բերման ենթարկուած է ոստիկանութիւն: Աւելի ուշ ան ազատ արձակուեցաւ:

Share this Article
CATEGORIES