«Էն. Պի. Էյ.» – «Օլ Սթար»-ի Մրցում. Արեւմտեան Շրջանը Յաղթեց Արեւելեանին` 143-138 Արդիւնքով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «Օլ-Սթար»-ի մրցումը, որուն ընթացքին Արեւմտեան շրջանը յաղթեց Արեւելեանին` 143-138 արդիւնքով:

Հակառակ անոր որ յաղթական շրջանին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 30 կէտ, սակայն անոր խմբակից` Լոս Անճելըս Քլիփըրզի պաշտպան Քրիս Փոլ, որ նշանակեց 20 կէտ եւ 15 էսիսթ, ինքն է, որ տիրացաւ լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին` իր կազմին հետ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով տիրանալով «Օլ-Սթար»-ի մրցումին տիտղոսին:

Արեւելեան շրջանէն Քարմելօ Անթոնի (Նիւ Եորք Նիքս) նշանակեց 26 կէտ, իսկ Մայեմի Հիթի մարզիկներ Տուայն Ուէյտ եւ Լեպրըն Ճէյմս` յաջորդաբար 21 եւ 19 կէտ:

Ճէյմսի նման 15 կէտ նշանակեց Պլէյք Կրիֆին (Արեւմտեան շրջան):

 

Share this Article
CATEGORIES