Ֆութսալ. Լիբանանեան Բանակ, Ղըպէյրի Եւ Նըժմեթ Խալիժ Բարձրացան Ա. Դասակարգ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ Սիքս»-ի Գ. հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ երեք խումբեր` Լիբանանեան բանակ, Ղըպէյրի եւ Նըժմեթ Խալիժ, իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ բարձրացան Ա. դասակարգ:
Լիբանանեան բանակը կէտերու իր հաշիւը բարձրացուց 9-ի` 7-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռապիհի:
Նըժմեթ Խալիժ յաղթեց Շուէյֆաթի (2-1), իսկ Ղըպէյրի` Հարեթ Հըրէյքի (5-2):
Անոնք այժմ ունին 7-ական կէտ:
Ինչ կը վերաբերի Ա. դասակարգ բարձրանալու թեկնածու չորրորդ խումբին, Հարեթ Հըրէյք ունի 4 կէտ, մինչ մնացեալ երկուքը` ոչ մէկ կէտ:
«Ֆայնըլ Սիքս»-ի աւարտին մնացած է երկու հանգրուան:
CATEGORIES Մարզական

