Շարժումը Ծնաւ Պետութիւն
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ստեփանակերտը դարձեալ շարժումի մէջ է: Պահանջատիրութիւնը, բողոքն ու ցասումը փոխակերպուած են ցնծութեան, յաղթանակի պարգեւած բերկրանքին ու հպարտութեան:
Ինչո՞ւ չհպարտանալ: Շարժում էր, դարձաւ ազատամարտ, որուն վճռական յաղթանակի պսակը դարձաւ Արցախի անկախ հանրապետութիւնը, որուն բոլոր խորհրդանիշները երէկ մասնակից էին քսանհինգերորդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հաւաքին:
Եկէք` այսօր ունկնդրենք Արցախի երիտասարդութեան ձայնը, որ հնչած է Վերածնունդի հրապարակէն: Նոր յաղթանակներու դրօշակիրները պիտի ըլլան անոնք, լա՛ւ ականջ տուէք.
պատմութեան համար 25 տարին ակնթարթ է, առաւել եւս` հայ պատմութեան համար: Սակայն վերջին 25 տարին արցախահայութեան եւ ողջ հայութեան համար հոգեւոր վերելքի, ազգային ինքնութիւնը վերահաստատելու, պատմութեան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, ռազմադաշտի մէջ տարած յաղթանակի ջահը նոր սերունդին փոխանցելու քառորդ դար էր:
1988 փետրուարի 20-ին, արտայայտելով ժողովրդին կամքը` ԼՂԻՄ մարզխորհրդի 20-րդ գումարման արտահերթ նստաշրջանը ընդունեց պատմական որոշում, որով ազդարարուեցաւ իր ճակատագիրը տնօրինելու արցախահայութեան վճռակամութիւնը:
1991 դեկտեմբեր 10-ի հանրաքուէով Արցախի ժողովուրդը ամրագրեց ինքնորոշման իր ճանաչուած իրաւունքը` հաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` որպէս ազատ, անկախ, ժողովրդավարական պետութիւն:
Մենք, որպէս ժողովուրդի կամարտայայտութեամբ հռչակուած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներ կը յայտարարենք, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշումը անբեկանելի է:
Ինքնիշխան պետութիւն կերտելու եւ մեր պետութեան ճակատագիրը տնօրինելու մեր իրաւունքը այլընտրանք չունի:
Մենք` Արցախի Հանրապետութեան երիտասարդ քաղաքացիներս, ունինք անհրաժեշտ եւ բաւարար ներուժ` մեզի աւանդուած ազգային ու համամարդկային արժէքները պահպանելու եւ պաշտպանելու, անկախութեան ձեռքբերումները բազմապատկելու համար:
Մեր յաղթական երթը անկասելի է, մեր պետականութեան զօրացման ուղին` անշեղ:
13 փետրուար, 2013