Որպէսզի Ո՛չ Ոք Մոռցուի

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Արցախեան ազատագրական պայքարին մեր նահատակներուն թիւի ճշգրիտ պատկերը չունինք: Մամուլի մէջ յիշուած է «շուրջ վեց հազար» թիւը, որուն մէջ հաւանաբար նկատի չեն առնուած շուրջ 800 անհետ կորսուած ազատամարտիկներ:

Նահատակները մեծ մասամբ թաղուած են իրենց բնակած վայրերու, հարազատ աւանի կամ գիւղի գերեզմանատուներուն մէջ: Եռաբլուրի եւ Ստեփանակերտի Նահատակաց գերեզմանատան մէջ ամփոփուած են հարիւրաւորներու աճիւնները: Փառքի ու յիշատակի կոթողներ, աղբիւրներ ու դպրոցներ կը կրեն բազմաթիւ նահատակներու անուններ:

Իմ առաջարկը. արցախեան ազատամարտի քսանհինգամեակին առիթով նախաձեռնել մէկ ու ամբողջական համալիրի մը կառուցման, ուր պէտք է գտնել բոլոր նահատակներուն անունները: Վստահ ենք, որ պետութիւնը, յանձինս պաշտպանութեան նախարարութեան, իր արխիւներուն մէջ ունի բոլոր նահատակներուն անունները: Ի վերջոյ, պետութիւնը պարտաւորութիւնն ունի անոնց ընտանիքներուն օժանդակելու, ուրեմն պէտք է ունենալ բոլոր անհրաժեշտ տուեալները եւ ոչ ոքի անունը դուրս թողուլ:

Այս համալիրը կարելի է կառուցել Եռաբլուրի կամ Ստեփանակերտի մէջ, կամ` Գորիսի շրջանը, դէպի Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ: Այս համալիրի կառուցման աշխատանքներուն պէտք է ներգրաւել բացառաբար նախկին ազատամարտիկներ, ձեւով մը աշխատանքին նոյնիսկ մասնակից դարձնելով հաշմանդամները, բոլորին պատշաճ վճարումով:

Համոզուած եմ, որ այս ծրագիրին վրայ ծախսուած գումարները, նոյնսիկ այս օրերուն, երբ հայրենիքի թէ Սփիւռքի տագնապահար շրջաններուն մէջ կան խիստ անյետաձգելի ձեռնարկներ, որոնք կարիքն ունին անմիջական ներդրումներու, պիտի վերադառնան ազգին` բարոյական կորովի տեսքով, հայրենասիրութեան խրախուսման ճամբով եւ ապագայ մարտիկներուն փոխանցուած յստակ պատգամով, թէ` ո՛չ մէկ զոհողութիւն կը մոռցուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES