Հովիւ Քաջ Ու Բարի
Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ
Սիւներու վրայ բարձրացած չորս կամարներ, ուր կաթողիկէ մը հանգչած, խաչ մը գագաթին` պատգամախօս` Երկրին ու Երկնքին… Մայր եկեղեցի…
Աստուածաշունչ խորան մը, լուսասփիւռ ջահեր, դրախտաբոյր տաճար… եւ այժմ` ծոցին մէջ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, անմահացած` կը հանգչիս բազմաչարչար վեհափառ հայոց. լուռ ու խաղաղ, խօսուն ու տխրաշունչ…: Կը բարձրանայ երգ մը իր վեհափառ սրբութեան, մեղեդին` կեանքին: Հոգիներ կը կլանուին գերբնական տեսիլքի մը հրայրքով… Արցունքդ կը հոսի անզօր` խաղաղեցնելու քեզ…:
Վեհափա՛ռ տէր,
Ծնար ու սնար` հայ աշխարհի արիւն, աւեր ու կոտորածի գալարումներուն…: Կաթի տեղ մօրդ արցունքը ինկաւ շրթներուդ` կաթի պէս առատ. ջուրի տեղ հարազատի արիւն ցայտքեց դէմքիդ` նոյնքան առատ… Օրօրի տեղ քնքուշ ձայնի` նահատակի հառաչանք ու պատգամ խուժեց մանուկի սուրբ ականջներուդ, աղօթքի տեղ` պոռթկացող գանգատ լսեցիր անարդար դատաստանի: Ու որպէս աւազան մկրտութեան քրիստոնեայի` քեզ վիճակուեցաւ Ապրիլեան եղեռնի նահատակներուն արիւնի գետը, որպէս հայու «Յորդանան գետ» սրբացած ու միւռոնուած հայ քրիստոնեայ տառապանքով…:
Ծնիլ հայ պատմութեան այդ դժոխքին` կը նշանակէ հայանալ` Հայկի նման, ու զօրանալ` Վարդանի նման…: Քալեցիր ու անցար կեանքի բոլոր գլաններէն ամէն վայրկեան, շունչ առ շունչ բարձրանալով անապատի աւազներէն, գաղթակայաններէն, վարժարաններէն ու հասար որպէս առաջին սան` Տանն Կիլիկիոյ գաղթական դպրեվանքին: Մնացիր հարազատ մկրտուած աւազանիդ, ստացար քահանայութեան սքեմ` որմէ սուրբեր ունեցած է հայ ժողովուրդը, բարձրանալով առաջնորդարաններէն մինչեւ վեհափառ Աթոռը Տանն Կիլիկիոյ, նոյն ատեն դառնալով «կենդանի վկան» Նահատակաց յուշարձանին… Բարի կեանքդ նուիրած հայ կեանքին, եղար անո՛ր պէս` ու անո՛ր հետ…: Երկրաշարժ ու փոթորիկ, շանթ ու կայծ տեղաց հայ կեանքին ու ինքդ քալեցիր առաջնորդուած հայո՛ւ Աստուծմէն, նահատակները քեզ ծնան` ու նահատակները քեզ առաջնորդեցին մինչեւ իրենց Անթիլիասի յուշարձանը, ու քու վեհափառ բարձունքէն պատգամեցիր` հաւատք, յոյս, սէր ու միասնականութիւն: Բոլոր անոնք, որոնք լսեցին քեզ, գտան իրենց խաղաղութիւնը ու ճանչցան բարութիւնը, ներողամտութեանդ վեհափառ համբերութիւնն ու քրիստոնէական վեհ հոգին…:
Այժմ շունչիդ պատգամով լեցուն` արցունքով ու փղձկումով կու գան մանուկներ երկչոտ, ծերունիներ դողդոջ, երիտասարդներ նկուն: Կու գայ համայն ժողովուրդն հայոց վերջին օրհնութիւնդ առնելու, օրհնութիւնը տալու. անժամանակ մեկնումիդ կսկիծովը տանջակոծ, պատկերդ անշունչ` իր մտքին խորը դրոշմելու: Գամուած նայուածքները կը սեւեռին դէմքիդ` սպասելով ձայնիդ, ու հին ձայնդ իրենց ականջին` պատարագիդ գինիին պէս ու հացին, լացով մը խորունկ` դարձուցած իրենց սրտերը քեզ շիրիմ` քեզ կը տանին… Շունչդ` պահելով իրենց շունչին, որպէս «Հովիւ քաջ ու բարի, զանձն իւր եդիր ի վերայ ոչխարացն իւրոյ»:

