Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ, Որ Մոալլեմ Եւ Խաթիպ Մոսկուա Պիտի Այցելեն

Միխայիլ Պոկտանով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով նշեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիէն վերջին 24 ժամուան ընթացքին Մոսկուա այցելելու դիմում մը չէ ստացած:

Սակայն Պոկտանով ըսաւ, որ կ՛ակնկալուի Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի Մոսկուա այցելութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 25 փետրուարին, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրով 5 մարտէն ետք Ռուսիա պիտի այցելէ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպ` աւելցնելով, որ «ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու, ընդդիմութեան ղեկավար Խաթիպի հետ որոշակի կապեր կան, սակայն անոր Մոսկուա այցելութեան յստակ ժամկէտներ տակաւին չկան»:

Ան նշեց, որ անկախ նման հանդիպումներու վայրէն, «երկխօսութիւնը կարելի է, եթէ բոլոր կողմերէն բարի կամք ու շահագրգռուածութիւն ըլլայ»:

Մինչ այդ, Ռուսիա եւ Եւրոպական Միութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեցին` սուրիական ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան առիթը չփախցնելու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան զէնքի եւ զինուորական սարքերու մատակարարման շարունակումը Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման չի նպաստեր` նշելով, որ ընդդիմութեան զինումը «լայն տարողութիւն կը ստանայ»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ չորս յաւելեալ մարտանաւեր Միջերկրական ծով կ՛ուղարկէ:

Միւս կողմէ, սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Դամասկոսի մէջ նախագահական պալատին մօտ ռումբեր ինկած են: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաստատեց լուրը` յայտնելով, որ երկու հրասանդի ռումբեր ինկած են Թըշրին նախագահական պալատին պատերուն մօտ: Ըստ չհաստատուած լուրերու, չորս այլ հրթիռներ հարուածած են Մուհաժիրինի եւ Մազզէի միջեւ գտնուող Քասըր Տիաֆա նախագահական պալատը:

 

Share this Article
CATEGORIES