Անգարայի Մէջ Մաշաալ – Էրտողան Հանդիպում
Համասի մօտիկ աղբիւրներ թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին յայտնեցին, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Աղբիւրները նշեցին, որ Մաշաալ եւ Էրտողան քննարկած են Կազայի մէջ ներկայ կացութիւնը, շրջանային զարգացումները, ներառեալ` Սուրիոյ տագնապը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան ազգային հաշտութեան հարցը:
Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամ Իզզաթ Ռիշք Դիմատետրի իր էջին վրայ նշած է, որ Մաշաալի գլխաւորութեամբ Համասի պատուիրակութիւնը երկուշաբթի օր Թուրքիա պաշտօնական այցելութեան մը սկսած է:
Համասի տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց, որ կը նախատեսուի, որ պատուիրակութիւնը հանդիպում ունենայ շարք մը թուրք պաշտօնատարներու հետ:
CATEGORIES Միջազգային