Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանն Ու Զօր. Սերրան
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն կ՛ընկերակցէր դեսպանատան զինուորական կցորդ Օլիվիէ Լարոսը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները` լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց սահմանային իրավիճակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ բանակին միջեւ գործակցութեան եղանակը:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ իրաւաբան եւ քաղաքական վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել:
CATEGORIES Լիբանանեան


