Պըրրի – Ասիրի Հանդիպում

Ասիրի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ երէկ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ բացայայտուած էին Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին ծաղրանկարները:

Ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի յայտնեց, որ քրէական հարցերու գաղտնի ոստիկանութեան պարտականութիւն տուաւ հետապնդելու այդ ծաղրանկարները տարածող յանցագործները:

Իր կարգին, Ասիրի բարձր գնահատեց ընդհանուր դատախազին կեցուածքը` շեշտելով, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին դէմ գործուած այս արարքը խստիւ դատապարտելի է եւ կը ներկայացնէ միայն այն կողմը, որ հրապարակած է ծաղրանկարները:

Ասիրի զարմանք յայտնեց այդ ծաղրանկարներուն համար` նշելով, որ Ռիատի եւ Պէյրութի միջեւ կը տիրեն եղբայրական եւ պատմական յարաբերութիւններ, իսկ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը մեծ սէր ունի Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )