Մուսթաքպալ Պլոքը Կտրականապէս Մերժեց Ուղղափառ Հանդիպումին Օրինագիծը

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց պլոքի նիստին, որուն ընթացքին պլոքը կտրականապէս մերժեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը` զայն նկատելով ահաբեկչական ծրագիր մը, որ սպանութեան թիրախ կը դարձնէ Լիբանանը եւ կը սպառնայ անոր ապագային:

Մուսթաքպալ պլոքը նկատել տուաւ, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն վաւերացուցած այդ օրինագիծը վտանգի կ՛ենթարկէ լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը:

Մուսթաքպալ պլոքը Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց Լիբանանի դիմագրաւած եւ ապագային դիմագրաւելիք հարցերուն:

Մուսթաքպալ պլոքը նաեւ շեշտեց, որ իրենք անշեղ պիտի մնան նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կեցուածքներէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )