Վ. Սապունճեան Ազգային Գործակցութեան Համաձայնագիր Կը Ստորագրէ «Եունիտօ»-ի Հետ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ՄԱԿ-ի ճարտարարուեստի բարգաւաճման` «Եունիտօ»-ի շրջանային ներկայացուցիչ Խալետ Մըքուատի հետ ստորագրեց ազգային գործակցութեան համաձայնագիր մը, որ Լիբանանի եւ «Եունիտօ»-ի միջեւ գործակցութիւն կ՛ապահովէ մինչեւ 2014 թուական:
«Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական այս ձեռնարկին ընթացքին նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ նախարարութիւնը կը միտի երկրին արդիւնաբերութիւնը աւելցնել եւ զայն միաձուլել համաշխարհային շուկային:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ այս համաձայնագիրին լոյսին տակ Լիբանանի եւ «Եունիտօ»-ի միջեւ պիտի ծաւալի գործակցութիւն մը, որ կը ներառէ պետական եւ սեփական մարզերը:
Իր կարգին, Խալետ Մըքուատ ողջունեց եւ բարձր գնահատեց նախարար Սապունճեանի ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ Լիբանանի մէջ «Եունիտօ»-ի աշխատանքը ապահովել:
Մըքուատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Եունիտօ»-ի հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլայ 21 միլիոն եւրօ տրամադրել փոքր եւ միջակ հաստատութիւններու, որպէսզի օժանդակեն անոնց ստեղծագործութեան եւ ապահովեն ճարտարարուեստի մարզին բարգաւաճումը:


