Կառավարութեան Լռութեան Ներքեւ. Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կը Գործադրէ Իր Ցոյցը

Միքաթի` Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի պատասխանատուներուն հետ

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ գործադրեց իր ցոյց-գործադուլը, որ պիտի շարունակուի նաեւ այսօր` նկատի ունենալով, որ անիկա բաց գործադուլ է եւ ըստ խորհուրդի պատասխանատուներուն յայտարարութիւններուն, այդ գործադուլին շրջագիծին մէջ վաղը` հինգշաբթի օր պիտի արձանագրուին մագլցողական քայլեր:

Խորհուրդին կազմակերպած ցոյցին ընթացքին կեդրոնական նստացոյց մը տեղի ունեցաւ վարչապետարանին առջեւ:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու փոխարէն կը ծրագրէ անոնց ֆինանսաւորումը ապահովել իրաւատէրերուն քսակէն:

«Անոնք ժողովուրդին կը յայտնեն, թէ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացուած են, մինչդեռ անոնք կը խանգարեն այդ գործողութիւնը եւ կը խախտեն համաձայնութիւնները», ըսաւ Ղարիպ:

Իր կարգին, Սեփական վարժարաններուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ երբ վարչապետը կը յայտարարէ, թէ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացուած են, բացի հանգստեան կոչուող պաշտօնեաներուն թոշակներուն գումարներէն, ապա այդ մէկը ամբողջական չի նկատուիր եւ մերժելի է:

Մահֆուտ նշեց, որ բոլոր լիբանանցիներուն դիմաց վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտարարած է, թէ այդ յաւելումները կատարելու համար ֆինանսաւորում ապահոված է, սակայն ներկայիս անիկա կարելի չէ:

Աւելի ուշ, վարչապետ Միքաթի, ներկայութեամբ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, ընդունեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ղարիպ եւ Մահֆուտ:

Հանդիպումէն ետք Ղարիպ յայտնեց, որ այդ հանդիպումը եղած է ժխտական` աւելցնելով, որ վարչապետ Միքաթի ոչինչ ունի իրենց փոխանցելիք, ընդհակառակն` ան ոչինչի փոխարէն պահանջած է թեթեւցնել ցոյցերն ու գործադրելը:

Ղարիպ յայտնեց, որ վարչապետարանը ժողովուրդին պալատն է եւ ոչ թէ տնտեսական խորհուրդներուն, որոնք տնտեսութենէն բացի ամէն բան կ՛աշխատին:

Ղարիպ շեշտեց, որ ժամանակն է արդէն, որ լիբանանցիները յեղաշրջում մը բռնկեցնեն որդեգրուած այս քաղաքականութիւններուն դէմ:

«Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը փողոցէն դուրս պիտի չգայ, բացի երբ աշխատավարձերու յաւելումը խորհրդարան փոխանցուի», ըսաւ Նաամէ Մահֆուտ` խոստանալով լիբանանցիներուն հինգշաբթի օր կատարել անակնկալ մը:

Նշենք, որ մինչ խորհուրդը կը շարունակէ իր բաց գործադուլը, կառավարութիւնը այսօր իր նիստը պիտի գումարէ առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Պաապտայի մէջ եւ ոչ թէ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին` վարչապետարանին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )