Նախագահ Սլէյման Վուլֆի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրենք Վուլֆը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան մարդկային իրաւունքներու մարզին վերաբերող կարգ մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս քրիստոնեաներու ազատութիւններուն առնչուած հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Վուլֆ յայտնեց, որ Պաղտատի վեհաժողովին ընթացքին նախագահ Սլէյմանի արտասանած խօսքը, որուն մէջ ան անդրադարձած է շրջանին մէջ գտնուող պետութիւններուն, եղած է բաւական կարեւոր եւ գրեթէ ամբողջական, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անիկա ուղղակիօրէն կը վերաբերի մարդկային իրաւունքներուն, մարդու ազատութեան եւ մտքի ազատութեան:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ապու Ժամրա, նախկին երեսփոխաններ Թալալ Մերեհպի եւ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ բնակող շարք մը լիբանանցի դեսպաններ:


