Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Վաւերացուցին Ուղղափառ Հանդիպումին Ընտրական Օրինագիծը

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ վաւերացուցին Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը, հակառակ անոր որ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պլոքի երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ եւ Ռոպեր Ղանեմ պոյքոթի ենթարկեցին նիստին իրենց մասնակցութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ գումարուած նիստին ընթացքին Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը վաւերացուեցաւ, սակայն Պըրրի շեշտեց, որ ինք պիտի չաճապարէ այդ օրինագիծը յղելու խորհրդարանի լիագումար նիստին, այլ` մէկ շաբթուան խորհրդակցութեան առիթ պիտի ընծայէ բոլոր պլոքներուն` այլ կարելիութիւններու շուրջ քննարկումներ կատարելու նպատակով:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ այս քայլին նպատակն է երկրին քաղաքական վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկել:

Ֆաթֆաթ յայտնեց նաեւ, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն գործակցելու եւ քաղաքական մնացեալ ուժերուն հետ խորհրդակցութիւնները շարունակելու` յանգելու համար համախոհութեան:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծին հիման վրայ Լիբանանի մէջ կը ստեղծուին յաղթող եւ պարտուող կողմեր, եւ Լիբանանը երկիր մըն է, որ յաղթողի ու պարտուողի մտայնութեամբ չի կրնար գոյատեւել:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին հետեւանքները Լիբանանի համար շատ գէշ պիտի ըլլան, յատկապէս քրիստոնեայ քաղաքացիներուն համար:

Նիստին աւարտէն ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխանները խորհրդարանին մէջ տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծին վաւերացումը այս կամ այն կողմին յաղթանակը չէ` այլոց դէմ, այլ` անիկա ժողովրդավարական ուղեգիծ է, որովհետեւ այդ օրինագիծը իւրաքանչիւր կողմին իր իրաւունքը կը շնորհէ, ինչպէս նաեւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ խորհրդարանին մէջ:

Ան հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն օրէնսդրական աշխատանքը կասեցնել համախոհութեան անուան տակ:

Իր կարգին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին եւ աւելցուց ըսելով. «Ո՛վ որ կը հաստատէ, որ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծին նպատակն է երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել, իր պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնէ»:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ ինը տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ մերձեցում կ՛արձանագրուի` խզելով անոնց յառաջացուցած երկփեղկումը:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛երաշխաւորէ, որ քրիստոնեայ քաղաքացին իր օրինական թեկնածուն դարձնէ երեսփոխան:

Յ. Բագրատունի կարեւոր նկատեց նաեւ խորհրդարանին մէջ իսկական հաւասարութեան գոյացումը:

Ան հաստատեց, որ քրիստոնեայ երեսփոխանին ընտրութիւնը այլոց համար իրաւազրկումի համազօր չէ` յայտնելով, որ համայնքային սկզբունքները բարելաւելով կարելի է հասնիլ իսկական պետութեան մը կերտումին, ինչպէս նաեւ երկրին ապագայի կերտումին մէջ ապահովել քրիստոնեայ քաղաքացիին մասնակցութիւնը:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն վերահաստատելու իրենց իրաւունքները, ինչպէս նաեւ ճիգ չեն խնայեր խորհրդարանի լիագումար նիստին համախոհութիւն գոյացնելու ի խնդիր:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ իրենք իրենց խօսքը կը յարգեն եւ իրենց կեցուածքներուն կառչած կը մնան, սակայն իրենք պատրաստ են նաեւ խորհրդակցելու եւ համախոհութիւն գոյացնելու:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք յանձնառու էին համախոհութիւն գոյացնելու:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն անդրադարձաւ միացեալ յանձնախումբերուն աշխատանքին` նշելով, որ այս օրը Լիբանանի օրէնսդրութեան պատմութեան մէջ սեւ օր է:

Հարիրի նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա վարակուած է ապօրինի զէնքի ախտով:

Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 6:00-ին քաղաքացիական ընկերութեան գործիչներ կազմակերպեցին ցոյց մը` բողոքելու համար Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին դէմ:

Բողոքի ցոյցը, որ խորհրդարանին դիմաց տեղի պիտի ունենար, Պէյրութի քաղաքապետարանին առջեւ կայացաւ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )