«Քիծ-Աթլեթիքս»-ի Մրցումներ` Անթունիէի Մէջ

Հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին, Անթունիէի մէջ տեղի ունեցան «Քիծ աթլեթիքս»-ի մրցումներ` մասնակցութեամբ բազմաթիւ ակումբներու եւ վարժարաններու երկսեռ փոքրերու:

Այս մրցումներուն հիմնական նպատակն էր այդ փոքրերուն եւ աշակերտներուն համար այս մարզաձեւը ծանօթացնել, որպէսզի անոնք այս գծով յաւելեալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն:

Անոնց ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանի եւ ֆետերասիոնի անդամ Ժան Ղաուի:

Share this Article
CATEGORIES