2014-ի Մոնտիալին Պիտի Կիրարկուի «Կոլ – Լայն – Թեքնոլոճի»-ն
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, երէկ ՖԻՖԱ-ն պաշտօնապէս հաղորդեց, որ 2014-ի Մոնտիալին պիտի կիրարկուի «կոլ-լայն-թեքնոլոճի»-ն, որուն հիման վրայ պիտի յստականայ, թէ արդեօք գնդակը դարպասին մէջ մտա՞ծ է, կամ` ոչ:
Ցարդ երկու ձեւեր` «Հովքիյէ» եւ «Կոլֆրեֆ» ՖԻՖԱ-ին կողմէ արտօնագրուած են եւ անոնք երկուքը նախորդ տարի օգտագործուած են Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ակումբներու բաժակի մրցաշարքին` առաջին անգամ ըլլալով:
2014-ի Մոնտիալէն առաջ (Պրազիլ) այդ մէկը պիտի կիրարկուի նաեւ այս տարի, միջցամաքամասային բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի մէջ:
ՖԻՖԱ-ն այլ ընկերութիւններ ալ հրաւիրեց, որ մասնակցին արտօնագիր ստանալու քննութիւն-փորձերուն:
CATEGORIES Մարզական