Ըմբշամարտ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Հայրենի Ըմբիշները Սկսան Իրենց Ելոյթներուն

Թեհրանի մէջ (Իրան) երէկ սկսան յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի առաջին օրուան մրցումները:

PanArmenian.Net կը յայտնէ ըսելով, որ Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, սկսաւ իր հանդիպումը Ռուսիոյ դէմ:

55 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութիւն Յարութիւնեան, որ իր դէմ ունեցաւ Ստեփան Մայրանեանը, տեղի տուաւ 5-2 արդիւնքով:

Ռուսիա այժմ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ Հայաստանի վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES