Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Վախճանման 50-ամեակ
50 տարի առաջ փետրուարի այս օրերուն համայն հայութիւնը եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութիւնը խոր սուգի մատնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի վախճանումով:
14 փետրուար 1915-ին Մարաշ ծնած, 20 փետրուար 1956-ին կաթողիկոս ընտրուած կաթողիկոսը ճակատագիրի զուգադիպութեամբ կը վախճանի կրկին փետրուարին:
«Ազդակ»-ի «50 տարի առաջ» բաժինով կը հրատարակենք օրը օրին կատարուող լրատուութիւնը, սակայն նկատի ունենալով կաթողիկոսին արժէքն ու անոր վախճանման ցնցիչ տարողութիւնը այս էջին մէջ կը հրատարակենք այս առիթով լոյս տեսած յատուկ թիւին մէջ տեղ գտած յօդուածներէն:
CATEGORIES Անդրադարձ

