Ճատրակ. Ռոշֆորի Մրցաշարք. Կարէն Գրիգորեան` Առաջին Դիրքին Վրայ
Միջազգային վարպետ Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ֆրանսական Ռոշֆոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ապահովելով առաւելագոյն 4 կէտը, առանձինն կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ ցարդ ապահոված է երեք կէտ, կը գրաւէ երրորդ դիրքը:
Տիտղոսին տիրացողը պիտի ստանայ 1000 եւրօ, իսկ 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւողները` համապատասխանաբար 800 եւ 600 եւրօ:
Մրցաշարքը պիտի աւարտի ուրբաթ, 22 փետրուարին:
CATEGORIES Մարզական

