«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Եւ Փորթօ Յաղթեցին. Այսօր` Ա. Սէ. Միլան – Պարսելոնա Հետաքրքրական Ճակատում
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցած ճակատումներուն, Պայէրն Միւնիխ եւ Փորթօ յաղթանակ արձանագրեցին` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Արսենալը (3-1) եւ Մալական (1-0):
Պայէրնի կոլերը նշանակեցին Թոնի Քրուա (7-րդ), Թոմաս Միւլըր (21-րդ) եւ Մարիօ Մանտզուքիչ (77-րդ), իսկ Արսենալի միակ կոլը նշանակեց Լուքաս Փոտոլսքի (55-րդ):
Փորթօ բաւականացաւ 1-0 արդիւնքով յաղթանակով մը` շնորհիւ Ժոաօ Մութինիոյի նշանակած կոլին (56-րդ):
Այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Ա. Սէ. Միլան պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան:
Վերոնշեալ մրցումին նման, ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) պիտի սկսի Կալաթասարայ – Շալքէ մրցումը:
CATEGORIES Մարզական


