Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պըժժէ – Ամշիթ Եւ Պիպլոս – Ռիատի Մրցումները Յետաձգուեցան

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք Պըժժէ – Ամշիթ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար հինգշաբթի, 21 փետրուարին, յետաձգուեցաւ յառաջիկայ շաբաթ, 23 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին` Սանթրալի դաշտին վրայ:

Իսկ Պիպլոս – Ռիատի Պէյրութ մրցումը յետաձգուեցաւ երեքշաբթի, 26 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:45-ին` Պիպլոսի դաշտին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )