Դեսպան Աւետ Ադոնց Ընդունեց Կռփամարտիկ Ալեքս Միսքիրչեանը
Ուրբաթ, 15 փետրուարին, Պելճիքայի մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնց ընդունեց կռփամարտի թեթեւ կշիռի Եւրոպայի եռակի ախոյեան, պելճիքահայ Ալեքս Միսքիրչեանը:
Դեսպանը շնորհաւորեց մարզիկը` վերջերս Դանիոյ Էսպերկ քաղաքին մէջ անոր տարած փայլուն յաղթանակին առիթով` նշելով, որ նման յաղթանակները ուրախութիւն կը պատճառեն ոչ թէ միայն Պելճիքայի մէջ ապրող հայերուն, այլեւ ամբողջ հայութեան համար:
Աւարտին դեսպանը հայ կռփամարտիկին մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:
Ալեքս Միսքիրչեան շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանին այս ընդունելութեան համար ներկայացուց իր յառաջիկայի ծրագիրներն ու կատարելիքները:
CATEGORIES Մարզական

