Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Գուժեց Ռոնի Ապու Ժաուտէի Մահը
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը գուժեց Պըժժէ ակումբի խմբապետ Ռոնի Ապու Ժաուտէի մահը, որ պատահեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 19 փետրուարին, շաբաթ մը առաջ իր ունեցած ինքնաշարժի արկածէն ետք:
Ֆետերասիոնը ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ակումբին, ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ այն ակումբներուն, որուն մաս կազմած է Ապու Ժաուտէ:
Անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 20 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 15:00-ին, Պրումմանայի մէջ գտնուող Մար Թաքլա եկեղեցւոյ մէջ:
CATEGORIES Մարզական

