Երրորդ Տարին Ըլլալով Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» Շարադրութեան Մրցումը Կայացաւ Առողջ Մրցակցութեան Եւ Քաջալերական Մթնոլորտի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, շաբաթ, 16 փետրուար 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, երրորդ տարին ըլլալով, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքը:

Մրցումին բարի գալուստի խօսքը խմբակին անունով արտասանեց Նայիրա Պաղտասարեան, որ նշեց, թէ նախաձեռնութիւնը նուիրուած է Հ.  Տինքի յիշատակին, որովհետեւ լրագրողը, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիրը Հայոց ցեղասպանութեան հարցը հետապնդելու աշխատանքին պատճառով զոհ գնաց անմարդկային ոճիրի մը:

Պաղտասարեան աւելցուց, որ մրցանքի դատական կազմին մաս կը կազմեն` Շահան Գանտահարեան, Սարգիս Նաճարեան եւ Ժիրայր Դանիէլեան: Նայիրա Պաղտասարեան հաստատեց, որ մրցանքին մասնակիցները իրենց գրիչներով, իրենց սրտերէն բխած խօսքերը պիտի արձանագրեն թուղթին վրայ, ինչպէս որ Տինք ըրաւ:

Ապա դատական կազմին անունով խօսք առաւ Սարգիս Նաճարեան, որ յայտնեց, թէ մրցանքին երիտասարդներու ներկայութիւնը արդէն գոհացուցիչ ցուցանիշ է եւ քաջալերական քայլ: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր երիտասարդ պէտք է դառնայ նոր Հրանդ Տինք եւ շարունակէ աշխատանքը:

Սարգիս Նաճարեան գնահատեց մասնակից աշակերտներու տնօրէնները, ուսուցիչները եւ ծնողները, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Ան յայտնեց, որ առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտները պիտի ստանան նիւթական նուէրներ, մինչ առաջին հանդիսացող վարժարանը պիտի ստանայ «Հրանդ Տինք»-ին  նշանակը, որ մինչեւ յաջորդ տարուան մրցանքը կը մնայ շահող վարժարանին մօտ:

Մրցանքի դատական կազմի խօսքէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան խօսեցաւ մրցանքի օրէնքներուն եւ ընթացքին մասին: Ան ըսաւ, որ ուրբաթ, 1 մարտ 2013-ին տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն վարժարանին հրաւէրով ներկայ պիտի գտնուի «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Սերոբեան:

Ապա ներկաները դիտեցին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խմբակին պատրաստած Հ. Տինքի վկայութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք, մասնակիցները վարժարանի դասարաններուն մէջ գրեցին իրենց շարադրութիւնները:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )