Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան 90-ամեակի Յոբելենական Ճաշկերոյթ-Պարահանդէս

Հռիփսիմեանցի 90-ամեակի յոբելեանական տարուան ծիրին մէջ, երկրորդ հանդիսաւոր  ձեռնարկը եւս մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Իւրայատուկ դրոշմ ունէր 2 փետրուարի երեկոն,Պէյրութի «Հիլթըն Մեթրոփոլիթըն» շքեղ պանդոկին մէջ: Հռիփսիմեանց մեծ ընտանիքը անցեալի եւ ներկայ իր մեծաթիւ ծնողներու, բարեկամներու, ուսուցիչներու ներկայութեամբ եւ նախագահութեամբ ազգային բարերար եւ վարժարանիս բարեկամ` տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեաններուն մեծ շուքով նշեց վարժարանի 90-ամեակը:

Հանդիսութեան սկիզբը սիրալիր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յոբելեանական յանձնախումբէն Կարպիս Գապասագալեան, որ բարի գալուստի եւ բարեմաղթութեան խօսքերով կարեւորեց յոբելեանական ձեռնարկը, ապա  բեմ հրաւիրեց Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնուհի  քոյր Արմինէ Մակարոսեանը: Ան ըսաւ. «Հռիփսիմեանց երկրորդական Վարժարանի 90-ամեայ գոյութեան պանծալի յոբելեանին առիթով եկած ենք`«Սիրոյ սեղանի» շուրջ միասնաբար բաժնելու աղն ու հացը, զորս 90 տարիներէ ի վեր  հայ քոյրերս կը բաժնենք լիբանանահայ սերունդներու հետ, որոնք` որպէս արժանաւոր զաւակները հայ ժողովուրդին, հաւատքով միացան հայոց դպրութեան եւ անցան Հռիփսիմեանցի կամարներուն տակէն»: Ան դիտել տուաւ, որ «90 թուանշանը տարիներու հաշուարկով թերեւս երկար թուի, սակայն ազգապահպանման վսեմ ծառայութեան եւ յատկապէս սփիւռքի դժուարին պայմաններու մէջ, հայ կրթօճախի համար միմիայն առաքելութեան մը սկիզբն է»: Այս առիթով քոյր Արմինէ Մարկարոսեան երախտագիտութեամբ յիշեց իրեն նախորդած վաստակաւորները, շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բարերարներուն, յատկապէս աւելի քան չորս տարիներէ ի վեր մնայուն բարերար Գէորգ Արապեանին, եւ առանձնայատուկ կերպով այդ երեկոյթին  նախագահող  ամոլին` տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պեզիկեաններուն, որոնք մեծ ուրախութեամբ ընդառաջեցին իր հրաւէրին եւ իրենց ներկայութեամբ, դրսեւորեցին իրենց ջերմ սէրն ու գնահատանքը հանդէպ Հռիփսիմեանց վարժարանին վսեմ առաքելութեան: «Երախտագիտութեամբ հոս կ՛ուզենք յիշել, թէ` տէր եւ տիկին Պեզիկեանները երկար տարիներ ի վեր նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակից են Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Միաբանութեան մասնաւորապէս մայր հայրենիքի առաքելութեան», հաստատեց տնօրէնուհին:

Այդ  առիթով Ալեքօ Պեզիկեանը եւ Գէորգ Արապեան պարգեւատրուեցան 90-ամեակի յոբելեանական յուշանուէրով:

Իր կարգին` սրտի խօսքով Պեզիկեան ներկաներուն բացայայտեց իր անսահման սէրը եւ երախտագիտութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանին նկատմամբ. երիտասարդ տարիներէն բազմաթիւ ու անմոռանալի յուշերով  դրուատեց  անցեալի եւ ներկայի անձնուրաց հայ քոյրերու առաքելութիւնը յատկապէս հայ մայրը բծախնդրօրէն դաստիարակելու անխոնջ աշխատանքի ճիգին մէջ:

Նորանոր վերելքի եւ յարատեւ բարգաւաճ ապագայի ձգտումներով դէպի հարիւրամեակներ սաւառնելով` Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի Տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, յատկապէս սոյն ձեռնարկը կազմակերպող յոբելեանական յանձնախումբը իր սրտագին երախտիքն ու սէրը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին ու կը հաւատան Հռիփսիմեանցի տեսլականին:

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )