Պայազատ Ռոստամխան Էնակօլօփեանց. «Ի Հասակի 21 Ամեաց… Արբ Զմահ Լեալ Նահատակ» Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ Նոր Ջուղայի Մասին

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Ռոստամխանի մահուընէ շուրջ երկու տարի յետոյ Կալկաթայի «Ազգասէր»-ի նկարագրականին մէջ որպէս մահուան թուական յիշուած 28 Հոկտեմբերը չի համապատասխաներ տապանագրի վրայ արձանագրուած 17 Հոկտեմբերին, որը անշուշտ ճիշդ թուականն է: Ուստի առաջին հերթին անհրաժեշտ է այս փոքրիկ սրբագրութիւնը կատարել:

Ինչ կը վերաբերի գրութեան բովանդակութեան, անիկա մեծաւ մասամբ նուիրուած է թաղման արարողութեան մանրամասնութեանց, յատկապէս այդ առիթով պարզուած սրտաճմլիկ տեսարաններուն: Այս թղթակցութեան առաջին քանի մը տողերէն կ՛իմանանք, որ «այլազգի թշնամիք» Մահմադշահ թագաւորին գրեր են, որ Ռոստամխանը իսլամացեր է, որուն հիման վրայ թագաւորը անոր խալաթ եւ ֆերման ուղարկեր է Սպահան:

«Այս խեղճ ջվանն» (երիտասարդը) պարտաւորուած գացեր է Թեհրան «Շահի մօտն, իւր թուրքանալն (իսլամանալը) ստել»: Սակայն իրականութեան մէջ, ինչպէս գացեր է, այնպէս ալ վերադարձեր է: Այլ խօսքով, առանց իր կրօնը ուրանալու, մնացեր է հաւատարիմ իր քրիստոնէական հաւատքին: Այնուհետեւ, Թեհրանէն Սպահան վերադարձէն կարճ ժամանակ մը յետոյ մահացեր է:

Ո՛չ ներածականի այս բաժնին մէջ եւ ո՛չ ալ անոր հետեւող երկար թաղման նկարագրականին մէջ որեւէ բացատրութիւն կամ պատասխան ունինք հետեւեալ հարցումներուն: Որո՞նք էին այդ «այլազգի թշնամիք» եւ յատկապէս ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակով Ռոստամխանին իսլամացուցած ըլլալու սուտ լուրը, այն ալ գրաւոր`փոխանցեր էին Թեհրան` Մահմադշահին:

Այս հարցումներուն պատասխանները գտնելու նպատակով, տակաւին մեր Ջուղա եղած օրերուն, սկսեր էինք որոշ պրպտումներ կատարել: Ստոյգ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով, առաջին աղբիւրը, որուն պէտք է դիմէինք, բնականաբար «Պատմութիւն Նոր Ջուղայու» զոյգ հատորներն էին, որուն ներհուն հեղինակը` Յարութիւն Թ. Տէր Յովհանեան*, Ջուղայի պատմութիւնը շարադրած է` սկսեալ Շահ Աբբասի բռնագաղթէն մինչեւ 1860 թուականը: Ուստի պէտք էր որ ան անդրադարձած ըլլար Ռոստամխանի նահատակութեան զգայացունց դէպքին: Սակայն դժբախտաբար Ռոստամխանի անունն իսկ յիշատակուած չէր այնտեղ, մինչդեռ իր հօր` Սարթիփ Սուլէյմանխանի կամ Սողոմոնխանի մասին քանի մը առիթներով հետաքրքրական տեղեկութիւններ արձանագրած էր: Այստեղ մենք մեզի հարց կու տանք արդեօք գիտակցաբա՞ր լուռ անցած էր այդ պատմութեան վրայէն` նկատի ունենալով մեզի անծանօթ պատճառներ:

Այսուհանդերձ, անկարելի կը գտնենք, որ ան տեղեակ չըլլար այդ ողբերգութեան, քանի որ 1851-էն մինչեւ 1871 թուականը, 20 տարիներ շարունակ, եղած էր Սբ. Ա. Վանքի ատենադպիրը եւ անպայման ամէն օր պէտք էր տեսած ըլլար անոր տապանաքարը, զանգակատան կամարներուն տակը, վանքի բակին մէջ:

Մեր երկրորդ եւ ամէնէն վստահելի աղբիւրը վանքիս արխիւներն էին: Բայց նախքան այդ, քանի մը խօսք` Ռոստամխանի ժամանակակից Պարսկաստանի թագաւորի, Սպահանի քաղաքապետի եւ ԻրանաՀնդկաստանի հայոց թեմի առաջնորդին մասին, որոնց ժամանակա­շրջանին տեղի ունեցած է Ռոստամխանի մահը: Ստորեւ համառօտագրուած մեր տեղեկութիւնները կը պարտինք Ջուղայի պատմիչին:

Թագաւորը, որուն գրաւոր յայտնած են Ռոստամխանի իսլամանալու մասին, ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ` Մահմադշահը, որ 1835-ին բարձրացաւ պարսից թագաւորութեան գահը: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ անոր մասին Նոր Ջուղայի պատմիչը:

«Վեհափառ Մահմադշահ թագաւորը իր տէրութեան իշխանութիւնը գովասանքով կառավարելուց յետոյ, 1848 թուի օգոստոս 24-ին կնքեց իր մահկանացուն Թեհրանի Շմրան ամարանոցում:

Սպահան քաղաքը ոչ մի վրդովմունք եւ խռովութիւն չզգաց շնորհիւ բարեջան Իմամջօմայ կրօնապետի կառավարութեան, որին եւ գործակից եղաւ Սողոմոնխան Սարթիփը» (էջ 475, աշխարհաբար թարգմանութիւն):

«Մինչեւ Մահմադշահի վերջին ժամանակները Սպահան քաղաքի կառավարութիւնը սպարապետ Սողոմոնխան Սամդօվլայի** որդիների ձեռքումն էր», կ՛ըսէ Տէր Յովհանեան. յիշեալ Սողոմոնխանի թոյլտուութեամբ տխրահռչակ կալանաւոր Կարապետը*** գիշերով խոյս կու տայ բանտէն եւ կը հասնի Թաւրիզ քաղաք եւ մուտք կը գործէ ռուսաց հիւպատոսարանը (էջ 497 անդ): Նոյն աղբիւրը, ակնարկելով 1848 տարուան դէպքերուն կը գրէ. «Այդ ժամանակ Սողոմոն Սարթիփը կամ Սամդովլայի ընտանիքը բնակւում էր Ջուղայում եւ զօրականի պաշտօն ունէին, որոնք անպակաս օգուտ էին բերում Ջուղայի պաշտպանութեանը, որովհետեւ Սարթիփի անունը ակնածելի էր  այլազգիների առջեւ» (անդ, էջ 474): Այս պարագան եւս յիշեցինք ցոյց տալու համար Սողոմոնխանի ունեցած բացառիկ հեղինակութիւնը Սպահանի մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Սպահանի քաղաքապետի պաշտօնին, Մահմադշահ թագաւորը 1840-ի Փետրուարին Սպահան գալով` շուրջ երեք ամիս մնաց այնտեղ. խիստ կերպով պատժեց ու մահուան դատապարտեց Սպահանի քաղաքապետ` հայազգի Խոսրովխանի դէմ ըմբոստացած արիւնարբու ոճրագործներու գլխաւորները. թագաւորի հեղինակութիւնն ու ահը դրոշմեց Սպահանի բնակիչներուն վրայ: Նոյն տարուան մայիսին, նախքան Թեհրան վերադառնալը Սպահան քաղաքի կառավարութիւնը յանձնեց Մանուչէրխանին, որուն մասին Ջուղայի պատմիչը մեծ գովեստով կը խօսի, որպէս խոհեմ, հանճարամիտ եւ արդարադատ կառավարիչ: Առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու` յիշենք, որ ան մեծ բարիքներ պարգեւեց քաղաքին: Իր արդարադատութեան եւ խոհեմութեան բարի համբաւը մեծ յարգանք ու սարսափ ստեղծած էր քաղաքի բոլոր բնակիչներուն վրայ: Իր անունը անմահացաւ, երբ հրահանգեց` աւազակներով եւ ոճրագործներով լեցուն Սպահան քաղաքի բոլոր մեծ ու փոքր վաճառատուները` առանց թաքցնելու որեւէ ապրանք, երեք գիշեր բաց պահել, որու ընթացքին ոչ ոք համարձակեցաւ որեւէ գողութիւն ընել:

Ջուղայի պատմիչը կը գրէ, Մանուչէրխանի արդարադատ կառավարութեան համբաւը «լսելի լինելով Վեհափառ Արքային, նրան շնորհեց «Մօթամէդ Դովլայ»-ի տիտղոսը, որ նշանակում է հաւատարիմ տէրութեան»: Թէեւ հայերուն որեւէ առանձնաշնորհումներ չկատարեց, այսուհանդերձ,  անոր իշխանութեան օրով, քաղաքի միւս բնակիչներուն նման, հայերը եւս կը վայելէին նոյն խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը:

Անոր մահուընէ ետք քաղաքի կառավարութիւնը փոխանցուեցաւ Միրզա Գորգինխանին, որ ազգականն էր ծագումով հայ Մանուչէրխանին: Նոյն աղբիւրէն կը տեղեկանանք, որ 26 Մայիս 1847-ին, ի շարս այլոց նաեւ սպարապետ Սողոմոնխան Էնակօլօփեանցը կը պարգեւատրուի Մահմադշահի կողմէ` իր թագաւորութեան մատուցած ծառայութեանց համար:

Այս ամփոփ տեղեկութիւնները տուինք թէ՛ Սողոմոնխանի եւ թէ՛ Մահմադշահի եւ Մանուչէրխանի մասին, ցոյց տալու համար, որ 1840-ական թուականներուն Ջուղայի հայերը իսլամացնելու պետական քաղաքականութիւն գոյութիւն չունէր, ինչպէս նման պարագայ` բռնի կամ անուղղակի միջոցներով, գոյութիւն ունեցած էր, օրինակի համար,  շահ Սուլթան Հիւսէյնի ժամանակ (1694-1721):

Ուստի մեր տեսակէտով Ռոստոմխանը իսլամացնելու կամ իսլամացած տեսնելու մէջ անպայման գոյութիւն ունէր ուրիշ պատճառ մը:

Այժմ տեսնենք. ո՞վ էր Ռոստամխանի նահատակութեան օրերուն թեմի առաջնորդը, որուն սենեակին մէջ նստած էր Ռոստամխանի հայրը` Սողոմոնխան, երբ իր կնոջ մահուան լուրը եկաւ Թաւրիզէն:

Դարձեալ ըստ Ջուղայի պատմիչի վկայութեան, Ռոստամխանի մահուան տարին` 1843-ին, թեմի առաջնորդն էր Յովհաննէս եպս. Սուրէնեան, Ղրիմեցին, որ 1841-ին Էջմիածնի կաթողիկոսին կոնդակով նշանակուած էր առաջնորդ: «Ռուսաց նշանակիր եւ ասպետ, գիտնական եւ բանագէտ» կը կոչէ զինք նոյն հեղինակը:

Իր պաշտօնավարութիւնը կը սկսի մեծ յոյսերով եւ խոստումներով, սակայն կամքէ անկախ, պայմաններու բերումով իր արձանագրած յաջողութիւնները կ՛ըլլան մասնակի: Կը փորձէ երկու անգամ հոգեւոր դպրոց հիմնել. կը գնէ վանքին համար կալուածներ: Անձնական կապեր ունենալով ժամանակի ռուսաց դեսպանին հետ` անոր միջնորդութեամբ կ՛արժանանայ կայսերական պարգեւի:

Կեանքի վերջին շրջանին երկար ժամանակ հիւանդութեան պատճառով անկողնոյ կը ծառայէ: Կը վախճանի 1848-ին եւ մարմինը կ՛ամփոփուի վանքի հիւսիսային գաւիթին մէջ, իրմէ առաջ վախճանած այլ առաջնորդներու շարքին:

Յատկանշական է, որ ձեռամբ այս առաջնորդին` Յովհաննէս եպս. Սուրէնեանին, Նոր Ջուղայի Երեւան թաղէն տիրացու Գրիգոր Մկրտիչեանը կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ եւ կը վերակոչուի Գէորգ աբեղայ անունով:

Յատուկ յիշեցինք այս վերջին պարագան, որովհետեւ շնորհիւ այս Գէորգ աբեղայի է, որ մեզի հասած է, իր գեղեցիկ ձեռագրով ընդօրինակուած, Ռոստամխանի անձնական նամակը` ուղղուած ժամանակի առաջնորդ սրբազան հօր, յիշեալ Յովհաննէս եպս. Սուրէնեանին, իր գլխուն եկած փորձանքին մասին:

Նախքան այդ նամակին մէջբերումը` յիշենք, որ տասնամեակներ  վանքի գրադարանի եւ արխիւներու տեսուչ Լեւոն Մինասեանին օգնութեամբ գտանք Սբ. Ա. վանքի արխիւներուն մէջ Էնակօլօփեանց ընտանիքին պատկանող այն թղթածրարը, ուր կային պաշտօնական նամակներ` գրուած եւ ստացուած, ինչպէս նաեւ փոքր թուղթերու վրայ` անվարժ ձեռագրով գրուած, զանազան գրութիւններ:

 

* Գրաբար բնագրի համար տեսնել, «Պատմութիւն Նոր Ջուղայու, որ յԱսպահան», Ա. եւ Բ. հատորներ, լոյս տեսած Ն. Ջ. Սբ. Ա. Վանքի տպարանէն, 1880-ին եւ 1881-ին: Յիշեալ հատորները արեւելահայերէն աշխարհաբարի թարգմանած է Ջուղայեցի Տէր Պօղոս Աւագ Քհնյ. Պետրոսեանը, տպուած վանքի տպարանը, 1980-ին եւ 1981-ին: Այս ուսումնասիրութեան մէջ մենք օգտագործած ենք թէ՛ գրաբար եւ թէ՛ աշխարհաբար հրատարակութիւնները:

* * «Սամդովլէ» հաւանաբար կրճատումն է «Սամսամ¬օլ¬դովլէ» տիտղոսի, որ կը նշանակէ պետութեան հատու սուսեր կամ կառավարութեան սուր. ինչպէս, օրինակ, «Մոհտէմէդ Դովլէ» տիտղոսը` հաւատարիմ տէրութեան, այսինքն թագաւորին:

*** «Կալանաւոր Կարապետ»-ի Նոր Ջուղայի համանքի ամբողջ կեանքը խանգարած ու վտանգած ըլլալու պատմութեան մասին տեսնել անդ, էջ 484-497:

(Շար. 3)

Share this Article
CATEGORIES