Ֆրանսա. Սումկայիթի 25-ամեակի Նշում` Զանազան Նախաձեռնութիւններով

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին դիտել տուած է, որ սումկայիթեան սպանդի 25-ամեակին առիթով Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը երեք տարբեր նախաձեռնութիւններով, ինչպէս նաեւ` զուգահեռ քաղաքական հանդիպումներով, լուսարձակի տակ կ՛առնէ այս իրադարձութիւնը եւ համաժողովրդային բնոյթ կու տայ անոր:

Անոր համաձայն, 26 փետրուարին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ տեղի պիտի ունենայ քաղաքական ձեռնարկ, միացեալ կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի եւ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբին: 27 փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ նստացոյց` Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, ՀՅԴ Նոր Սերունդի կազմակերպութեամբ, իսկ 28 փետրուարին պիտի կատարուի բողոքի ժողովրդային հաւաք` Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ի:

Հ. Վարժապետեան աւելցուցած է, որ 24 փետրուարին, յետ Ս. պատարագի, Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հոգեհանգիստ, որմէ ետք, Հայաստանի դեսպանութեան եւ ԼՂՀ ներկայացուցչութեան կողմէ պիտի կատարուի ծաղկեպսակի զետեղում` Կոմիտաս Վարդապետի յուշարձանին, իբրեւ խորհրդանիշ հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն, որոնց շարքին բնականաբար Սումկայիթի մեր նահատակներու յիշատակին:

Քաղաքական հանդիպումներ պիտի կայանան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ Ֆրանսայի մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններուն հետ: «Այս երեք պետութիւնները, որոնք կը համանախագահեն ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակը եւ սկզբունքով իրենց մօտ է ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանալին, Սումկայիթի 25-րդ տարելիցին առիթով բնականաբար ըսելիք ունին հայութեան: Եւ ո՛չ միայն ըսելիք, այլ նաեւ մանաւանդ` ընելիք: Իսկ այլ փոխանցումներու շարքին, մենք յստակօրէն պիտի ներկայացնենք անոնց` ԼՂՀ-ի անկախութեան միջազգային ճանաչման պահանջը, զոր աւելի քան երկու տարիէ ի վեր կը հետապնդենք իբրեւ կուսակցութիւն, իսկ այսօր, Հայաստանի նախագահին կողմէ երբ պաշտօնապէս կը ներկայացուի այս բանաձեւումը, ապա մեր պահանջը կը զգենայ շատ աւելի իրաւական ուժ եւ դիմագիծ: Բայց անշուշտ այս բոլորին մէջ ամէնէն իրաւական յենարանը է՛ ու կը մնայ ԼՂՀ բնակչութիւնը, որ այսօր միաբերան կը պահան?? իր անկախութիւնը: Եւ Սփիւռքը չի կրնար իր կարողութեանց առաւելագոյնը չներդրել համազգային այս գործընթացին մէջ», հաստատած է Վարժապետեան:

Ժողովուրդէն եղած ակնկալութեան մասին խօսելով` ան ըսած է. «Մենք մի՛շտ հաստատած ենք ու կը վերահաստատենք կրկնելու գնով, որ մեր ժողովուրդն է մեր թիկունքը, մեր վստահութեան աղբիւրը: Ամէն անգամ որ մենք կարիքը ունեցած ենք մեր ժողովուրդի ներկայութեան ու նեցուկին, ան անսակարկ ու անվարան «ներկայ» արձագանգած է:

«Վստահաբար այս անգամ տարբեր պիտի չըլլայ նախորդներէն, եւ մեր ժողովուրդը խիտ շարքերով պիտի մասնակցի յատկապէս բողոքի հաւաքին` Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, 28 փետրուարին, մանաւանդ` հայ երիտասարդութիւնը: Առանց յարանուանական ու գաղափարական խտրութեան: Ազերի թուրքին պէտք է անընդհատ յիշեցնել հրէշային իր արարքը, որուն միա՛կ պատասխանատուն կը հանդիսանայ պաշտօնական Պաքուն: Եւ ո՛չ միայն յիշեցնել, այլեւ մնալ պահանջատէր:

«Վերջապէս, Ֆրանսայի մէջ աճող ու հետզհետէ կազմակերպուող թուրք-ազերի համայնքը իր հերթին անընդհատ պիտի տեսնէ ու իմանայ ֆրանսահայութեան պահանջատիրութեան մասին, մինչեւ արդարութեան վերականգնումը:

«Ուստի, բոլորս միասին, խիտ, կուռ ու պահանջատէր շարքերով մասնակցինք համաժողովրդային այս ձեռնարկներուն եւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցենք Սումկայիթի մեր նահատակներուն, ինչպէս նաեւ մեր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնենք Ղարաբաղի մեր քաջարի ժողովուրդին», եզրափակած է ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )