Մայրենի Լեզուին Միջազգային Օրուան Առիթով. Լեզուն Նորէն…

ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ

Աստուածարեալ վարդապետին կողմէ սրբօրէն ընծայուեցաւ մեզի մեր լեզուն, որ կը կազմէ ազգային մեր սրբութիւններուն պսակը, անպակաս գանձը, որուն` աստուածաշնչական բառերով` ո՛չ գողերը կրնան մօտենալ եւ ոչ ալ ցեցերը կրնան ապականել անոր մաքրութիւնը:

Այս գնահատանքը, բնական է, չի կատարուիր բառերու անոր շարքին, շարահիւսական օրէնքներուն կամ քերականական կանոններուն հիմամբ, այլ` անոնց հետ յայտնուած ու շարունակ յայտնուող ոգեղէն արժէքներուն թելադրանքով, ըստ որուն`

– Լեզուն ժողովուրդի մը հոգեբանութեան լուսեղէն անդրադարձն է.

– Ներքին իրադարձութիւններուն բազմերանգ հանդէսը.

– Ուժականութեան ցուցանիշը: Ոգիին յայտնութիւնը: Թռիչքին թափը:

Այդպիսի բարեմասնութիւններու գանձարան է հայոց լեզուն, կազմուած երկունքներու, պայքարներու, խոկումներու, խոյանքներու, աղօթքներու, սիրերգներու, արցունքի ու արիւնի մեծախորհուրդ հնձանին մէջ, կրելով իր մէջ իւրաքանչիւր իրականութենէն բան մը, կայծ մը, ցոլք մը, ցաւ մը, վէրք մը, հրճուանք մը, հրայրք մը, այդ ամէնուն միջոցով ու հետ` դառնալով ազգային շունչ:

Այնքան ազգային, որ կարողական իր իւրայատուկ հմայքին տակ տիեզերական Աւետարա՛նն անգամ դադրեցաւ Աւետարան ըլլալէ ու դարձաւ… Աստուածաշունչ:

Ու երբ կայ այդ լեզուն, կը վերանայուի հին գիրքը, կը գրուի նորը, կը կարդացուին ամէնքը, կը պահուին ամէնքը, որոնց հետ կ՛ապրի նաեւ ազգը, վստահութեամբ դիմագրաւելով ժամանակի եւ տարածութեան փորձութիւնները, միշտ նոյն պայմանով, ժամանակն ու տարածութիւնը նուաճած մեծագործ մարդոց մտերմութեան մէջ մնալով շարունակ`

Սուրբ Մեսրոպի հետ ալեկոծելով:

Սայաթ-Նովայի հետ եանա-եանա վառելով:

Դուրեանի հետ մխալով:

Մեծարենցի հետ լինելութեան նոր կոչերու ընդառաջելով:

Հեթանոսանալով Վարուժանի հետ:

Օշականի հետ իրաւանալով ու Չարենցի հետ նետուելով ճշմարտութեան նոր ճանապարհներուն մէջ:

Հայերէն այբուբեն առաջին օրէն նշանակեց այսօր եւս կը նշանակէ հայ դպրոցը:

Հայ դպրոց կը նշանակէ հայ գիրք:

Հայ գիրք կը նշանակէ հայոց աշխարհին մէջ թաւալած եղելութեանց յիշողութիւն:

Ու եղելութեանց յիշողութիւն կը նշանակէ հաղորդութիւն հայկական խորհուրդին, որ կեանքի, երազի, ըղձանքներու, աշխարհահայեացքի, հաւատքի, սիրոյ ստեղծումի, սխրագործութեան, տառապանքի, նահատակութեան ու յարութեան հանգրուաններուն մէջ կազմուած իւրայատուկ էութիւն է ու յաւերժութեան սաղմ:

Կ՛ուզէինք ընդգծել, որ հայկական խորհուրդը պարզ բառ մը չէ մեր շրթներուն, ու միայն մեզի ու միայն մեր զաւակներուն անհրաժեշտ հարստութիւն մը չէ անիկա, այլ բովանդակ աշխարհի:

Աշխարհը` հաստատած են բոլոր մտածողները, գեղեցիկ է իր այլազանութեամբ, աշխարհամասերու տարբերութեամբ, հողերու տարբերութեամբ, լեռներու, ծովերու, գետերու, լիճերու ու դաշտագետիններու տարբերութեամբ, ծաղիկներու ու կենդանիներու տարբերութեամբ, ու նոյն օրէնքով` մարդերու տարբերութեամբ, ազգերու, արիւնի, լեզուի, գոյնի տարբերութեամբ: Բան մը կը պակսի աշխարհէն, եթէ այդ տարբերութիւններէն մէկը ջնջուի, եթէ հայրենիք մը չքանայ ու ժողովուրդ մը անհետ կորսուի:

Մնալու, տեւելու այդ տեսիլքով էր, որ ճամբայ ելաւ Սուրբ Մեսրոպ եւ հայկական այբենարանին գիւտով յաւերժացուց հայ ժողովուրդին տարբերութեան խորհուրդը:

Տարբերութեան այդ նոյն խորհուրդին գնով էր, որ Նարեկացի արարչագործեց իր մատեանը, որ այնքան հիացում պատճառեց աշխարհի միւս ժողովուրդներուն:

Իր ուժերը նոյն աղբիւրներէն առնելով էր, որ տարբեր ջուրի մը մասին խօսեցաւ մեզի հետ ու տարբեր գիրի մը լուրը տուաւ Սայաթ-Նովան:

Նոյն ապրումին սաստկութեամբ էր, որ Աբովեան պոռթկաց իր «Վէրք Հայաստանի»-ն:

Մենք ու մեզի հետ աշխարհը չէր ունենար Տրդատ ճարտարապետ մը, Թորոս Ռոսլին նկարիչ մը, Կոմիտաս վարդապետ մը, Վարուժան բանաստեղծ մը, Օշական գրագէտ մը. աշխարհը չէր ունենար տակաւին մեր մեծագործ մարդոց միւս փաղանգները, գրիչները, ծաղկողները, տաղերգուները, որոնք եթէ մէկ կողմէ մեր արիւնին ծաղիկները կը հանդիսանան, միւս կողմէ` կը հարստացնեն մարդկութեան հոգին` իրենց կրակով, շունչով, գոյներով, քաղցրութեամբ, բարութեա՛ն ծիածաններով:

Պատկեր մը աւելի կը լուսաւորէ այլազանութեան այս խորհուրդը.-

Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած հայկական մէկ հանդիսութեան հրաւիրուած ֆրանսացի մտաւորական մը, նոյն առիթով խօսք կ՛առնէ եւ կ՛ըսէ.

«Հայութիւնը, Ֆրանսայի մէջ, կը նմանի Ֆրանսայի ծովուն մօտ դրուած անուշահոտ սրուակի մը: Եթէ սրուակը նետէք ծովուն մէջ, ծովը անուշահոտ չի դառնար, բայց սրուակը կը կորսուի, կը լուծուի ընդմիշտ: Ամուր պահեցէք ձեր սրուակը, որովհետեւ անոր պարունակութիւնը արժէք ունի ծովէն  դուրս միայն, երբ կը պահէ ու կ՛ապրի իր սեփական ճակատագիրը»:

Կը կարծենք, որ ամբողջովին ճիշդ է ֆրանսացի մտաւորականին հաստատումը:

Եթէ սուրբ Մեսրոպ զգացած չըլլար ձուլման վտանգը ու թոյլ տար հայ ժողովուրդին նետուիլ պարսկական կամ բիւզանդական ծովերուն մէջ, ո՞վ պիտի ընծայէր մեզի մշակութային մեր ոսկեդարը եւ մշակութային ոսկեդարով ձեւաւորուած Վարդաններու կեցուցիչ սխրագործութիւնը:

Եթէ մեր սրուակը, այսինքն` մեր ժողովուրդը նետուած ըլլար սելճուքեան ծովուն մէջ, ինչպէ՞ս ծնունդ պիտի տայինք հանճարեղ Նարեկացիի մը:

Եթէ թրքական ծովէն յամառօրէն հեռու մնալու կամքը պակսէր մեզի, ինչպէ՞ս կարելի պիտի դառնար Կոմիտաս մը ունենալու հրաշքը:

Իսկ եթէ այսօր, Արտասահմանի մէջ, թոյլ տանք մենք մեզի անտարբեր մնալ ազգային մեր տարբերութեան հանդէպ, գուրգուրանքի առարկայ չդարձնենք մեր ինքնուրոյն անհատականութիւնը, ուրիշ խօսքով` եթէ գիտակցաբար ու կամքի գերագոյն լարումով մը տէր չկանգնինք անուշահոտ մեր սրուակին, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կանգուն պիտի մնանք իբրեւ ուրոյն ժողովուրդ:

Հայաստանի հողին համար ու հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար մղուած բոլոր պայքարներուն ու պայթած յեղափոխութիւններուն մղիչ ուժը եղած է այդ` մեր հողին ու պատմութեան ձեւաւորած ազգային անհատականութիւնը պահելու տեսլականը, ինքնուրոյն ձեւով մը ծաղկելու եւ աշխարհին բաշխուելու հրայրքը:

Շարունակուողը նոյն պայքարն է եւ ատոր համար է, որ անքակտելի կապերով կապուած ենք կամ կ՛ուզենք կապուած մնալ մեր գիրին, գիրքին, պատմութեան, մշակոյթին:

Այդ զօրութիւններուն հոգեւին կապուած` մենք անցած ենք պատմութեան դաժան քառուղիներէն ու յաղթանակներով ու պարտութիւններով, խոյանքներով ու անկումներով, կոտորուելով ու կրկին ծաղկելով հասած ենք արդէն մեր ժամանակներուն եւ ունինք`

Հայաստան անուն երկիր մը,
Իր իսկութիւնը պահած ժողովուրդ մը,
Իր սեփական դրոշմը ունեցող մշակոյթ մը, եւ`
Տէրն ենք հին ու չքնաղ լեզուի մը:

Եւ ասոնց ազդեցութեամբ ձեւաւորուած ունինք արժանիքներ, պարտքեր ունինք, որոնցմէ մէկը պաշտամունքն է այդ Հայաստանին նկատմամբ,

Միւսը` նուիրումն է այդ ժողովուրդին երազներուն կենսագործման,

Երրորդը` ստեղծուած մշակոյթը անաղարտ պահելու եւ անոր վրայ նոր գեղեցկութիւններ գումարելու կամքը,

Եւ չորրորդը, կարեւորագոյնը թերեւս, մեր միւս Հայաստաններուն իմաստը, արժէքը, համը, գեղեցկութիւնը, վեհութիւնը, խորհուրդը, անփոխարինելութիւնը իմանալի դարձնող լեզուն է, Մեծասքանչը նորէն, հայ ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն մեծագոյնը, որ նովին բանիւ առաւելագոյն գուրգուրանք կը պահանջէ մեզմէ, առաւելագոյն նուիրուածութիւն, խանդ:

Իրապէս, չկայ, չենք ստեղծած, չունի՛նք ուրիշ ուժ մը, որ կարենար ձայնը ըլլալ մեր պատմութեան,
Կարկաչը ըլլար մեր արիւնին,
Պատգամը ըլլար մեր ոգիին,

Պատմէր մեզի լուսաւոր բաներու մասին` ու խորհրդաւոր զօրութիւններու մասին` վայելչութեամբ, համոզկերութեամբ, համաձուլող կիրքով, ու պատրաստէր սեփական ճակատագրի մը, սեփական ճակատագրին ցուցմունքներով կատարելի պարտքերու, վերստեղծումներու տեսիլքին, նորոգ յայտնութիւններու:

Հոն` ուր պակսած է մեզի այս իմաստութիւնը, տժգունած ենք անպայման, շուտով վերածուելու համար «մարդոց յիմար հօտը» բազմացնող անորոշ արարածներու, փոշիի, լաւագոյն պարագային` ենթարկուելով ու ծառայօրէն ծառայելով այլոց գաղափարներուն, այլոց մշակոյթին, քաղաքակրթութեան, տնտեսական յայտագիրներուն, ուրիշանալով առանց պատմութեան` չքանալով պատմութեան բեմէն:

Հոգեբանները հաստատած են, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ, իւրաքանչիւր ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակ մօրը կաթը ծծած պահուն սորված լեզուով կը մտածէ, կ՛երազէ իր արիւնին չափ իրեն հարազատ իր լեզուով, կը սիրէ դարձեալ նոյն լեզուով եւ տառապանքը կը պոռայ նոյն լեզուին բառերով:

Ըսուածը պէտք է հասկնալ այն առումով, որ`
Իր հարազատ լեզուով մտածող մարդուն մտածումն է` մտածումներուն ամէնէն իրաւը:

Մայրենի լեզուով տեսնուած երազն է` երազներուն ամէնէն սնուցիչը:

Սեփական լեզուով մատուցուած աղօթքն է` աղօթքներուն ամէնէն սրտաբուխը:

Նոյն լեզուով դրսեւորուած սէրն է` սէրերուն ամէնէն բեղունը, ու վիշտը` ամէնէն վարակիչը:

Ուրիշ մտածողներ կը գտնեն, որ մարդը անասունէն զատորոշ մեծագոյն յատկանիշներէն մէկը անոր ժպտելու, խնդալու կարողութիւնն է, եւ մարդ էակը իր այդ բացառիկ շնորհը կրնայ առաւելագոյնս դրսեւորել մայրենի լեզուին միջավայրին մէջ:

Այս կապակցութեամբ, հոգեբանական յատկանշական փորձառութիւն մը որսացած է իր «Հայաստանի դասերը» խորագրուած գիրքով Հայաստանը լաւագոյնս պատկերացուցած ռուս երիտասարդ գրագէտ Անտրէ Բիտով, հետեւեալ մթնոլորտին մէջ նկարագրելով խումբ մը հայեր.

«Երբ նրանք խօսում են ինձ հետ,- կը գրէ Անտրէ Բիտով,- այսինքն` երբ ռուսերէն են խօսում, երբեք չեն ծիծաղում: Բաւական է անցնեն հայերէնի` իսկոյն հնչում է ծիծաղը: Ասես քեզ` չհասկացողիդ վրայ են ծիծաղում: Այդպէս կարող է թուալ, մինչեւ չհասկանաս, որ ծիծաղել հնարաւոր է միայն մայրենի լեզուով»:

Մայրենի լեզուն սորվելու եւ խօսելու հնարաւորութիւններէն զուրկ մնացած մարդոց պարագան անշուշտ տարբեր է, բայց մայրենիին հետ նաեւ օտար լեզուներու ծանօթ անձը վստահաբար ամբողջութեամբ պիտի ըմբռնէ ռուս գրագէտին այս հաստատումը, ու նաեւ պիտի փութայ ընդհանրացնել անոր ուժը, որ խնդալու պայմանին պէս է նաեւ սիրելու պայմանը, երգելու պայմանը, պայմանները աղօթքի եւ ստեղծումի, արարողական ու արարչական բոլոր սաղմերուն, որոնք իրենց իսկական, ամբողջական, խոր, բիւրեղային արտայայտութիւններուն համար պէտք ունին մայրենի լեզուի միջավայրին, կարկաչին, անոր յարուցիչ ձգողութեան, անոր համագումար մայրութեան: Որովհետեւ անիկա, լեզուն, մայրն է բոլորին, մայր ամենայն գեղեցկութեանց, զօրութեանց, շարժումներուն, գունավառութիւններուն, յափշտակութիւններուն:

*
*    *

Կեանքին մէջ տիպարներ կան, սխրագործներ, սխրագործութիւններ, արարչագործներ, արաչագործութիւններ, սուրբեր, սրբութիւններ, որոնց կենսագրութեան ու էութեան ամբողջապէս ծանօթ ըլլալով հանդերձ, մարդ էակը տարօրինակ տկարութեամբ մը դարձեալ կանգ կ՛առնէ ամէն մէկուն դիմաց, կը սքանչանայ կրկին ու կ՛ողողուի ալեկոծ քաղցրութեամբ մը, ապրած նոր ուրախութիւնը այլոց փոխանցելու անզուսպ աճապարանքով մը:

Այսպէս կը պատահի մեծ ճշմարտութիւններ խտացնող բանաստեղծութեան մը պարագային, մեծ ճշմարտութեան մը համար արիւնը շռայլած հերոսի մը կենսագրութեան դիմաց, ու ճշմարիտներու ճշմարիտին, որ լեզուն է նորէն, ա՛ն` որուն ճոխ մրգաստանին մէջ միշտ անօթի կը մնայ մարդ ու չի տաղտկանար անոր մասին ըսուած, գրուած բանասեղծութենէն, ձեւակերպուած փիլիսոփայութենէն…

1988

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )