Եղերաբախտ Երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանի Յիշատակին Երգահանդէս

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Անսպասելի գուժը քանի մը ամիս առաջ լսուեցաւ սփիւռքէն Հայաստան: Ոչ եւս էր հայրենի սիրուած ու միշտ փնտռուած ժողովրդային ու քնարական երգերու անզուգական մեկնաբան երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեան:

Հայաստանի մէջ իր յիշատակին նուիրուած երգահանդէսներ կազմակերպուեցան, մասնաւորաբար իւրայատուկ էր հայրենի պատկերասփիւռային յայտագիր «Երգ երգոց»-ին ներկայացուցած երգերու փունջը: Ցաւով, արցունքով յիշուեցաւ Գիւմրիի ծնունդ Ֆլորա Մարտիրոսեան, որուն յիշատակին յատուկ երգահանդէս մը կազմակերպեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, կիրակի, 17 փետրուար 2013-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ:

Ներկայ եղան տարաբախտ արուեստագիտուհիին երգերը սիրող հոծ թիւով հանդիսականներ: Երգահանդէսին մասնակցելու հրաւիրուած էին լիբանանահայ երիտասարդ վեց երգչուհիներ` Հայկանայ Մուրատեան, Դալար Սիմոնեան, Վարանդա Եագուպեան, Լուսին Տեմիրճեան, Գոհար Յակոբեան եւ Ալիս Իփրաճեան: Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանահայ ժողովրդային երգերու մեկնաբաններ Գարմէն Աճեմեան, Մանուկ Մինասեան եւ դասական երգերու սոփրանօ երգչուհի Շողիկ Թորոսեան:

Բեմը յարդարուած էր օրուան մթնոլորտը պարզաբանող ճաշակով եւ մեղմ լուսազարդարումով: Երգչուհիին նկարը եւ Համազգայինի խորհրդանշանը թելադրական բնոյթ ունէին, մասնաւորաբար Ֆլորային երգերը կը հնչէին մինչեւ յայտագրին սկիզբը, երբ օրուան հանդիսավարը դերասան, բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեան բացման խօսքով յայտարարեց ձեռնարկին նպատակը` Ֆլորա Մարտիրոսեանի ծանօթացումով:

Տուտուկահար Յակոբ Քլուկեանի նուագով սկսաւ հանդիսութիւնը:

«Աղթամար» նուագախումբը ընկերացաւ երգողներուն: Քնարաշունչ երգեր էին մեծ մասամբ, հետեւաբար նուագախումբը իր զօրաւոր նուագով տեղ-տեղ դժուարացուց «Տըլէ եաման»-ներու նման մեղմահունչ երգերուն մեկնաբանութեանց մթնոլորտը: Նախընտրելի էր, որ նկատի առնուէին երգերուն «տեսականին»:

Արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման սիրոյն հրապարակային թելադրանք կը կատարուին, խտացեալ դասընթացքներ տեղի կ՛ունենան: Հարկ է նախանձախնդիր ըլլալ այս կարեւոր հարցին նկատմամբ, լեզուական արտայայտութիւններու պարագային, պահպանելով արեւմտահայերէնը, մանաւանդ` բեմի զրոյցներու ընթացքին:

Չմոռնանք յիշելու, որ Ֆլորա Մարտիրոսեանի յիշատակին նուիրուած այս երգահանդէսը կը մկրտուէր «Երգ երգոց» լիբանանեան «մակնիշով»: Այս ժառանգութիւնը մեզի կը փոխանցուի հայերէնի «Երգ երգոց»-ի յայտագիրներէն, նաեւ` յիշեալ «Երգ երգոց»-ին Լիբանան այցելութենէն ետք: Մեր երգչուհիները կատարեցին հիանալի երգեցողութիւն, արժանաւորութեամբ մեկնաբանեցին Ֆլորա Մարտիրոսեանի երգացանկին երգերը` արժանանալով ներկաներու ջերմ ու քաջալերական ծափերուն:

Ինչ կը վերաբերի հիւր երգիչներուն մասնակցութեան, Մանուկ Մինասեանի «Կ՛ուզեմ հիմի փչէ զուռնէն» երգը (խօսք Եղիշէ Չարենցի) երգին ունկնդրութիւնը եղաւ յուզիչ եւ սրտամօտ: Շողիկ Թորոսեան ներկայացուց Յովհաննէս Շիրազի «Մայրս առաւ» քնարական երգը` հնչեղ եւ քաղցրալուր մեկնաբանութեամբ: Շողիկ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի հունձքին կը պատկանի: Ան ներկայիս կը դասաւանդէ երգի ուսուցում, նաեւ մենակատարն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին: Գարմէն Աճեմեան ներկայացուց իր սիրած երգարուեստէն, աշուղական երգացանկէն երգ մը` յիշեցնելով հաղորդականութիւնը գուսանական երգարուեստին:

Երգահանդէսին սկիզբը եւ աւարտին ցուցադրուեցաւ Ֆլորա Մարտիրոսեանի երգահանդէսներէն ու երգերէն պատրաստուած տեսերիզ մը` ներկաները անմիջական հաղորդակցութեան կապով մօտեցնելով աննման երգչուհիին, որ այնքան շուտ հեռացաւ իր հայրենիքէն եւ երգարուեստի աշխարհէն: Բայց իր յիշատակը վառ պիտի մնայ բոլորին սրտերուն մէջ, որովհետեւ Ֆլորա Մարտիրոսեանին երգերը սրտի ու հոգիի հետ խօսող զօրութիւն եւ հաճելի փայփայանք ունին:

Շնորհակալութիւն ձեռնարկի կազմակերպիչ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ մեր արուեստասէր ժողովուրդին կը յիշեցնէ մեր արժէքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )