Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Շնորհաւորական Գիրը` Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին
Վսեմաշուք Տիար Սերժ Սարգսեան
Վերընտիր Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան,
Երեւան, Հայաստան
Վսեմաշո՛ւք տիար նախագահ,
Ջերմագին սիրով կ՛ողջունենք ձերդ վսեմութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի պատուական անունով, ի դիմաց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, անոր համայնքներուն եւ հոգեւոր հովիւներուն, նաեւ անձնապէս:
Ուրախութիւն եւ առանձնայատուկ պատիւ կը սեպենք ձերդ վսեմութիւնը սրտանց շնորհաւորել մեր ազգի կրկնակի վստահութիւնը վայելելու արժանիքին համար: Ձեր վերընտրութիւնը` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, կը հաստատէ մեր վստահութիւնը, թէ մեր հայրենի ժողովուրդը միշտ կ՛ընտրէ անկախ, զօրեղ, ապահով հայրենիքը, կը տեսնէ եւ կը գնահատէ արդիւնաւէտ զարգացումը, բարեկարգուող տնտեսութիւնը եւ անշեղ վերելքը, նաեւ կը ձգտի ամրակառոյց ընկերութեան, արժանապատիւ խաղաղութեան եւ բարօր կեանքի:
Վսեմաշուք տիար Սարգսեան, մինչ կը շարունակէք թափանցիկ եւ իրատես առաջնորդութեամբ, անաչառ եւ անսակարկ ծառայութեամբ, քաջարի եւ խիզախ ձեռնհասութեամբ ղեկավարել մեր հայրենիքը, կը հաւաստիացնենք ձեզ, թէ սիրով եւ հաւատարմութեամբ կը զօրակցինք ձեզի: Ձեր վսեմարժան անձին եւ ձեր թանկագին ընտանիքին կը մաղթենք արեւշատութիւն, քաջառողջութիւն եւ մշտանորոգ կորով: Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ հաստատէ եւ զօրացնէ ձեզ Հայաստան աշխարհի եւ հերոսական Արցախի շինութեան, հայ ազգի հայրենիքի եւ սփիւռքի միասնութեան, արդար իրաւունքներու ձեռքբերման եւ Իր փառքին համար:
Ձերդ Քրիստոսի Ծառայութեան Մէջ
ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Պէյրութ, 19 փետրուար 2013

