Պատանդ Յակոբ Թուճեան Ազատ Արձակուած Է, Այլ Հայ Մը` Առեւանգուած
Երէկ երեկոյեան ժամը 10:00-ին «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ յայտնեց, որ համաձայն տեղեկութիւններու, զինեալ ընդդիմադիրներու կողմէ պատանդ բռնուած Յակոբ Թուճեան ազատ արձակուած է:
«Ասոր կողքին սակայն, քիչ առաջ հասած տեղեկութիւններու համաձայն, միջին տարիքէ վեր հայ մը եւս առեւանգուած է ընդդիմադիրներու կողմէ Հալէպի մօտիկ Նաքերին գիւղին մէջ` վար իջեցուելով ճամբորդական հանրակառքէ մը», տեղեկացուց Ռէյիսեան:
Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ այս օրերուս նոր նախաձեռնութիւն մը կը զարգանայ երկրին մէջ` «Սուրիան երկխօսութեան մէջ» վերնագիրի տակ, եւ արդէն սկսած է տարբեր գիծերու վրայ` ելեկտրոնային եւ պատկերասփիւռի կայաններու վրայ. անոր կը մասնակցին զանազան խաւերէ քաղաքացիներ` փորձելով գտնել առկայ տագնապներուն լուծումները:
Իսկ ապահովական գետնի վրայ, արուարձաններուն մէջ կը շարունակուին զինուորական գործողութիւնները եւ պատերազմական օդանաւերը կը սաւառնին քաղաքին վրայ` հարուածելով Ժոպար, Հարասթա եւ արեւելեան Ղութա շրջանները, կը լսուին նաեւ թնդանօթներու հարուածներու ձայները:
Երկուշաբթի օր Դամասկոսի Քասսա շրջանին մէջ (ուր կան հայ բնակիչներ եւ հայերու պատկանող խանութներ) ինկան չորս հրասանդի հրթիռներ, որոնցմէ երկուքը Ֆրանսական հիւանդանոցին վրայ, իսկ մէկը թաղամասին մէջ գտնուող «Մաունէ» դպրոցին վրայ` պատճառելով նիւթական վնասներ շէնքերուն եւ ինքնաշարժներուն: Նոյն շրջանին մօտ Ապպասիին թաղամասին մէջ նոյնպէս հրասանդի հրթիռի պայթումով վնաս կրած էր բնակելի շէնք մը:
Իսկ երէկ երկու հրթիռներ ինկան «Պարամքէ» շրջանի «Թըշրին» մարզական համալիր-դաշտին մէջ. նիւթական վնասին կողքին մարզուելու ժամանակ մարզիկներուն շարքին արձանագրուեցան մէկ զոհ եւ քանի մը վիրաւորներ:

