Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւններուն Միջեւ Զինուորական Համագործակցութեան Յայտարարութիւն Ստորագրուած Է
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա գտնուող Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ եւ անոր թուրք պաշտօնակից Իսմեթ Եըլտըզ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութիւնը զարգացնելու շուրջ մտադրութիւններու յայտարարութիւն ստորագրած են:
Կը նշուի, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը առանձին հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Նեճտեթ Էօզելի եւ ցամաքային զօրքերու հրամանատար Հայրը Քըվրըքօղլուի հետ: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին պատուիրակութիւնը ծրագրած է այցելել նաեւ Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան քանի մը ընկերութիւններ:
CATEGORIES Միջազգային

