«Արաբական Լիկայի Եւ Ռուսիոյ Բոլոր Կարելիութիւնները Պիտի Օգտագործենք Սուրիոյ Կառավարութեան Եւ Ընդդիմութեան Միջեւ Ուղղակի Հանդիպումներու Կայացման Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիան եւ Արաբական լիկան համաձայն են, որ տագնապներու լուծումը պէտք է միջազգային օրէնքի գերակայութեան եւ ՄԱԿ-ի ուխտի սկզբունքներուն հիմամբ ըլլայ:

Լաւրով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի եւ Լիբանանի, Իրաքի ու Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ երէկ Մոսկուայի մէջ Ռուս-արաբ համագործակցութեան առաջին համագումարէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա Արաբական լիկային հետ համաձայնած է ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզին մէջ հասարակաց աշխատանք տանելու, ինչպէս նաեւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման եւ բնակեցման վայրերու կառուցման աշխատանքներու դադրեցման համար աշխատելու` աւելցնելով, որ «երկու կողմերը համաձայնեցան սուրիական տագնապի լուծման համար միացեալ աշխատանք տանելու»:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «սուրիական տագնապի լուծման համար գրաւը ուժի գործածութեան վրայ դնելը երկրին քանդումին կ՛առաջնորդէ»` աւելցնելով, որ «Արաբական լիկայի եւ Ռուսիոյ բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործենք Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ ուղղակի հանդիպումներու կայացման համար»:

Ան ըսաւ, որ «ներկայիս կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան դրական ուղղութիւններ երեւան եկան, սակայն երկու կողմերը այդ երկխօսութեան համար նախապայմաններ կը ճշդեն, բայց այնքան ատեն որ երկու կողմերը երկխօսութեան պատրաստ են, ապա մանրամասնութեանց շուրջ համաձայնութիւնը դիւանագիտութեան արուեստին վերաբերող հարց է»: «Անոնք հանգիստ պիտի զգան, երբ Մոսկուայի երկխօսութիւնը սկսի, եւ անկասկած կարելի բոլոր դիւրութիւնները պիտի ընծայենք», ըսաւ ան:

Լաւրով ըսաւ, որ մօտ օրէն Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի գլխաւորած Սուրիոյ կառավարութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ, իսկ ներկայիս Ազգային համաձայնական խորհուրդի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի հետ անոր Մոսկուա այցելութեան ժամկէտի ճշդման աշխատանքը կը տարուի, «եւ հաւանաբար ատիկա տեղի ունենայ յառաջիկայ մարտի սկիզբը»: Ան աւելցուց, որ «երկու կողմերուն հետ պիտի խօսինք բացայայտ կերպով` ուղղակի երկխօսութեան պայմաններու ստեղծման համար»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց իր լիազօրութիւնները փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհի յանձնելու եւ ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան սկսելու, ինչպէս նաեւ ողջունեց Խաթիպի նախաձեռնութիւնը:

Արապի գնահատեց սուրիական տագնապին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը եւ ըսաւ, որ «Ռուսիա Ժընեւի ժողովին հիմնական դերակատար մըն էր»` Մոսկուայի կոչ ուղղելով Դամասկոսի հետ իր ուժեղ յարաբերութիւնները օգտագործելով վերջինս քաղաքական լուծումի ընտրանքի որդեգրման համոզելու:

«Պէտք է Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնն ու քանդումը դադրեցնել, որովհետեւ հարցերը անտանելի հանգրուանի հասան», ըսաւ ան եւ ցաւ յայտնեց, որ սուրիական իշխանութեանց եւ Արաբական լիկային միջեւ ուղղակի հաղորդակցութիւն գոյութիւն չունի: «Արաբական լիկային կոչ ուղղած քաղաքական խաղաղ լուծումը կը նշանակէ երկխօսութեան սկսիլ, փոխանցման հանգրուանի սկսիլ եւ ամբողջական լիազօրութեանց տէր կառավարութիւն մը գոյացնել», նշեց ան` յայտնելով միաժամանակ, որ «ընդհանուր համաձայնութիւն մը գոյութիւն ունի, թէ այս է մեր բոլորին ձգտած նպատակը, իսկ Արաբական լիկայի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները շարունակուեցան նոյնիսկ տագնապէն ետք, եւ Սուրիա Արաբական լիկայի հիմնադիր անդամ է եւ այդպէս պիտի մնայ նոյնիսկ երբ ժողովներուն չի մասնակցիր»:

Աւելի ուշ, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի «այլեւս պարկեշտ միջնորդ մը չէ»` վստահեցնելով, որ «Դամասկոս բոլորին մասնակցութեամբ քաղաքական լուծման կը զօրակցի»:

Ան սուրիական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դամասկոս պատրաստ է Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնելու համար ընդդիմադիր բոլոր խմբաւորումներուն եւ զինեալ խմբակներուն հետ երկխօսութիւն կատարելու, «սակայն առանց նախապայմաններու»: «Դուռը բաց է եւ սեղանը կայ, ուստի բաց սրտով բարի գալուստ ոեւէ սուրիացիի, որ կ՛ուզէ մեր մօտ գալ, քննարկել եւ մեզի հետ երկխօսութիւն կատարել»` ընդգծելով, որ «մենք երկխօսութեան հարցով լուրջ ենք»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ թրքական բանակը Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահման ուղարկած է յաւելեալ ուժեր եւ հրթիռարձակման համակարգեր: Անոնք տեղակայուած են Ուրֆա նահանգին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )