Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի յայտնեց, որ ինք շնորհակալ է բոլոր անոնց, որոնք Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին ի նպաստ քուէարկեցին, որովհետեւ այդ օրինագիծին վաւերացումով կարելի եղած է վերջ դնել քրիստոնեաներուն դիմագրաւած սեւ տարիներուն:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 800 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 400 լ. ոսկիով:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Լիբանանի դէմ «կոլ» մը նշանակած են եւ երկրին պատմութեան մէջ սեւ օր մը ստեղծած` վաւերացնելով Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը հակասահմանադրական եւ Լիբանանի ազգային ուխտին դէմ է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Զինեալ պայքար մարտական խումբերու շարժումի ղեկավար Մահմուտ Իսա, որ ծանօթ է Լինօ ծածկանունով, Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ զինուորական հարուածի մը նպատակով ծրագիր մը մշակած է:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները կարելի պիտի ըլլայ ֆինանսաւորել յառաջիկայ 15 օրերուն ընթացքին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնած է, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումը կը կատարուի այն պահուն, երբ Տնտեսական խորհուրդները իրենց համաձայնութիւնը յայտնեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին վաւերացումը ցնցած է փոխադարձ վստահութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր կոչ ուղղեց տապալելու Լիբանանի կառավարութիւնը, որ կը գործէ իրանեան հովանաւորութեամբ եւ ճիգ չի խնայեր աղքատացնելու երկիրը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա մեկնեցաւ Փարիզ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը միայն զէնքի կուսակցութեան շահերուն կը ծառայէ:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Խալետ Տահեր յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական կողմեր կը փորձեն Լիբանանը եւ լիբանանցի քաղաքացիները մխրճել սուրիական տագնապին մէջ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ ժամանակի իմաստով կան սահմանափակումներ` պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելում տրամադրելու առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ իսրայէլեան յարձակումները զիրենք չեն սարսափեցներ` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են դիմադրելու իսրայէլեան որեւէ յարձակումի:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա իրանեան ցուցմունքներուն հիման վրայ միջամուխ կը դառնայ Սուրիոյ հարցերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի կա՛մ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել եւ կա՛մ կառավարութիւնը պահել:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ընտրական խառն օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ համաձայնած են շարունակել ընտրական համախոհական օրէնքի մը շուրջ խորհրդակցութիւնները: