Ժեմայէլ – Փլամպլի Հանդիպում

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կատարել արդար եւ թափանցիկ երեսփոխանական ընտրութիւններ` յարգելով սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականը:

Փլամպլի աւելցուց, որ իրենք ոչինչ ունին ըսելիք ընտրական օրինագիծին մասին, որովհետեւ անիկա զուտ լիբանանեան հարց է:

Փլամպլի մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական կողմերը կը յանգին համախոհական ընտրական օրինագիծի մը` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ը մօտէն կը հետեւի երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններուն:

Փլամպլի կոչ ուղղեց նաեւ Սուրիոյ տագնապին առումով անշեղ մնալու «Պաապտայի յայտարարութենէն»:

Միւս կողմէ, Ժեմայէլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն:

Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները` խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն կողմէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծի վաւերացումին լոյսին տակ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )