Ժոմպլաթ. «Ուղղափառ Հանդիպումին Օրինագիծը Վաւերացնելու Օրը Լիբանանի Համար Տխուր Օր Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը վաւերացնելու օրը Լիբանանի համար տխուր օր է:

Սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւնները:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Հըզպալլա Իրանի գործավարն է` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի ապազինման հարցը կարելի է լուծել միայն ազգային երկխօսութեան շրջագիծին մէջ:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Ռումանիոյ դեսպաններ Տանիել Թանասը, Ալի Աուատ Ասիրին եւ Աշրաֆ Սաատը:

Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )