12-ամեայ Աշակերտ Մը Կ՛առեւանգուի Դպրոցին Պասը Սպասելու Ընթացքին

Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Ուաթա Մսայթպէ շրջանին մէջ առեւանգուեցաւ 12-ամեայ աշակերտ մը` Մոհամետ Նիտալ Աուատան, երբ ան կը սպասէր զինք դպրոց փոխադրող պասը:

Չորս անծանօթ զինեալներ Աուատան բռնի ուժով զետեղած էին «Նիսան» տիպի ինքնաշարժի մը մէջ եւ փախուստ տուած:

Ապահովութեան ուժերն ու ոստիկանութիւնը այս դէպքին շուրջ անմիջապէս հետաքննութիւն բացին:

Աւելի ուշ, սակայն, առեւանգողները կապուեցան Աուատայի ծնողքին եւ պահանջեցին մէկ միլիոն տոլարի փրկագին` վերադարձնելու համար անոնց զաւակը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )