Մանսուր. «Սուրիոյ Տագնապը Կարելի Է Լուծել Միայն Երկխօսութեամբ»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Մոսկուայի մէջ գումարուած Ռուս-արաբական համագործակցութեան Ա. համագումարին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է:
Մանսուր հաստատեց, որ Պէյրութ կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Ռուսիոյ կեցուածքին:
Ան զօրակցութիւն յայտնեց նաեւ Մոսկուայի առաջադրած նախաձեռնութեան, որուն հիման վրայ պէտք է ստեղծել Միջին Արեւելք մը, որ հիւլէական զէնքերէ զերծ է:
Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մանսուր շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը բոլորին ապահովութիւնը թիրախ կը դարձնէ, «սակայն պէտք է տարբերել ահաբեկչութեան եւ ազատագրուելու առումով ժողովուրդին իրաւունքներուն միջեւ», աւելցուց Մանսուր:
CATEGORIES Լիբանանեան